altԻս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի՝ Ք­նե­սե­թի, փոխ­նա­խա­գահ եւ Իս­րա­յէլ-­Հա­յաս­տան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար ­Թա­լի Փ­լոս­քով, հայ-իս­րա­յէ­լեան գոր­ծակ­ցու­թեան հա­սա­րա­կա­կան հա­մախմբ­ման մի­ջո­ցին յայ­տա­րա­րած է, որ ինք միշտ ե­ղած

է Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կողմ­նա­կից:

«Ես ու­ժե­րուս սահ­ման­նե­րուն մէջ պի­տի շա­րու­նա­կեմ Ք­նե­սե­թին մէջ բարձ­րաց­նել այս հար­ցը: Կ­՛ու­զեմ նշել, որ Ք­նե­սե­թի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կողմ­նա­կից­նե­րուն թի­ւը պար­բե­րա­բար կ­՛ա­ճի:

­Մե­ծա­գոյն ձեռք­բե­րու­մը այս հար­ցին մէջ՝ կրթու­թեան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս այդ փաս­տը ճանչ­նալն էր: Ա­յո՛, ա­սի­կա Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը չէ, սա­կայն ա­սի­կա ար­դէն իսկ յա­ռաջ­խա­ղացք մըն է այս հար­ցին մէջ, եւ իմ կար­ծի­քով՝ շա՛տ նշա­նա­կա­լից», ընդգ­ծած է Ք­նե­սե­թի փոխ­նա­խա­գա­հը: Ան նշած է նաեւ, որ Իս­րա­յէ­լի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին քի­չե­րը գի­տեն, ուս­տի այդ բա­ցը գո­ցե­լու հա­մար պէտք է զգա­լի աշ­խա­տանք տա­նիլ:

«­Մենք պէտք է միա­սին աշ­խա­տինք, ո­րով­հե­տեւ այն եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք շա­հագրգ­ռո­ւած չեն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով, ա­մէն ինչ կ­՛ը­նեն, որ­պէս­զի այդ մա­սին չգիտ­նան մար­դիկ: Ե­կէ՛ք աշ­խար­հին ը­սենք, թէ ի՛նչ պա­տա­հած է 1915ին: Ե­կէ՛ք ճշմար­տու­թիւ­նը ը­սենք», ը­սած է ­Թա­լի Փ­լոս­քով։