Շաբաթ՝ Սեպտեմբեր 17ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութեան վերապրումին նուիրուած յուշարձանին բացումը։ Ներկայ էին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խոր
հուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ։
Յուշարձանը ծնունդ առած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նոյն զբօսայգիին մէջ անցեալ տարի «iWitness» ծրագիրին իրականացուցած վերապրողներու հսկայ եւ եռակողմ լուսանկարներու ներկայացումէն։ Արդարեւ, լուսանկարիչներ Արա Օշականի եւ Լեւոն Փարեանի, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեանի ջանքերով, նշեալ լուսանկարներու ներկայացման օրերուն Մայքըլ Անթոնովիչ առաջադրած է մնայուն յուշարձան մը հաստատել. ընդառաջելով անոր՝ Վ. Թովմասեան Հայաստանի Արարատեան դաշտէն բերուած 5 թոննոց ժայռակտորով մը ստեղծագործած է սոյն յուշարձանը։
Մէջտեղէն երկուքի կիսուած յուշարձանին մասին բացատրութիւն տալով՝ Թովմասեան կ՛ըսէ, թէ անոր անտաշ կէսը կը ներկայացնէ հայութիւնը՝ Ցեղասպանութնենէն անմիջապէս ետք, իսկ սահուն կէսը՝ հայութեան ներկան, նոր սերունդը եւ ապագան։ Յուշարձանին շուրջը գրուած է Ուիլեըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքը. «Կեանքիդ ժամերը ապրէ այնպէս, որ քեզի բաժին ինկած ժամերուն չաւելցնես աշխարհի վիշտն ու տառապանքը, այլ ժպիտով ընդունէ անոր անսահման ցնծութիւնն ու խորհուրդը»։