­altՀա­յաս­տա­նեայց Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 170ա­մեա­կը տօ­նո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րու­թի Ա. Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Կի­րա­կի՝ 10 ­Յու­լիս 2016ին, ի ներ­կա­յու­թեան ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Միու­թեան ­Վար­չու­

թեան, ­Լի­բա­նա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեա­նի, ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հայր ­Սե­պուհ ­Կա­րա­պե­տեա­նի, ­Լի­բա­նա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Սա­մո­ւէլ Մկրտ­չեա­նի, ­Խորհր­դա­րա­նի ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տոքթ. ­Պա­սէմ ­Շա­պի, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ Ա­րաբ ­Բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ­Պէյ­րու­թի զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ մաս­նա­կից­ներ: Ն­մա­նա­պէս ներ­կայ էին տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք պի­տի մաս­նակ­ցէին միու­թեան 70ա­մեա­կի հա­մա­գու­մա­րին:

Օ­րո­ւան պատ­գա­մը հիմ­նո­ւած էր Եբ­րա­յե­ցի­նե­րու գիր­քին 10.23 հա­մա­րին վրայ, որ փո­խան­ցեց Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.­Միու­թեան նա­խա­գահ ­Վեր. Մկր­տիչ ­Գա­րա­կէօ­զեան: «Ան­խախտ պա­հենք յոյ­սին դա­ւա­նու­թիւ­նը, վասն­զի հա­ւա­տա­րիմ է ա­նի­կա, որ խոս­տա­ցաւ»:
­Պաշ­տա­մուն­քի ըն­թաց­քին մաս ա­ռին ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի­ներ Հ­րայր ­Չո­լա­քեան, ­Ռաֆ­ֆի Մսր­լեան, ­Յա­րու­թիւն ­Սե­լի­մեան, ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան եւ ­Փօլ ­Հայ­տոս­թեան:
Ե­րի­տա­սար­դաց եւ ման­կաց երգ­չա­խում­բե­րը երկուա­կան եր­գեր մա­տու­ցին:

­Պաշ­տա­մուն­քի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն:
­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ­Հայ Ա­ւետ. Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Միու­թեան տա­րե­կան հա­մա­ժո­ղո­վը, որ սկսաւ ­Պէյ­րու­թի մէջ 170ա­մեա­կի նո­ւի­րո­ւած պաշ­տա­մուն­քով, շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ յա­ջոր­դա­կան ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին ՔՋԱԿԻ մէջ, ­Լի­բա­նան, ­Յու­լիս 11-13ին: ­Պատ­գա­մա­ւոր­ներ ե­կած էին հայ Ա­ւետ. զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ՝ ­Լի­բա­նա­նէն, ­Սու­րիա­յէն, ­Յու­նաս­տա­նէն եւ Աւստ­րա­լիա­յէն, ինչ­պէս նաեւ հիւ­րեր՝ ­Տա­նի­մար­քա­յէն, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան ­Հա­մա­ժո­ղո­վի լրիւ յայ­տագ­րին:

­Հան­դիպ­ման ա­ռա­ջին օ­րը, որ տե­ւեց մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մի 10։30, ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան, նե­րա­ռեալ տա­րե­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, ընտ­րու­թիւն­նե­րը եւ ո­րո­շում­նե­րը: Ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի նիւ­թերն էին ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ ­Սու­րիոյ. տնտե­սա­կան տագ­նա­պը կրթա­կան դաշ­տէն ներս, ա­ռա­ւել մարդ­կա­յին նե­րու­ժի եւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ միա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­սահ­մա­նի գոր­ծա­կից­նե­րու հետ:

Երկ­րորդ եւ եր­րորդ օ­րե­րը նո­ւի­րո­ւած էին սե­մի­նար­նե­րու՝ որ­պէս նիւթ ու­նե­նա­լով ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կա­նը եւ դիր­քը ա­ռա­ջին քա­ռա­սուն հիմ­նա­դիր­նե­րու, ­Հա­ւատ­քի ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ­Հայ Ա­ւետ. Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, Ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը տագ­նա­պի ըն­թաց­քին եւ մեր տե­սիլ­քը ա­պա­գա­յին հա­մար: ­Յայ­տա­գի­րը ու­նէր ա­ղօթ­քի, պաշ­տա­մուն­քի եւ ըն­կե­րա­յին պա­հեր:
­Տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րը ա­ւար­տե­ցաւ հա­ղոր­դու­թեան պաշ­տա­մուն­քով, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ­Պատ. ­Վազ­րիկ ­Սա­ֆա­րեա­նի, ­Վեր. ­Ռաֆ­ֆի Մսր­լեա­նի որ­պէս պատ­գա­մա­բեր եւ ­Վեր. ­Փօլ ­Հայ­տոս­թեան մա­տա­կա­րա­րեց հա­ղոր­դու­թիւ­նը:

Որ­պէս յայ­տագ­րի մաս՝ ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան դի­տե­լու ժա­պա­ւէն մը, որ պատ­րաս­տո­ւած էր ­Հայ­կա­զեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի կող­մէ. ­Ժա­պա­ւէ­նը՝ MAP OF SALVATION, պատ­մու­թիւնն է Եւ­րո­պա­յէն հինգ ա­ւե­տա­րա­նիչ կի­նե­րու՝ ­Մա­րիա ­Ճէյ­քըպ­սըն, ­Գա­րէն Եփ­փէ, ­Պօ­տիլ ­Պեօրն, Ալ­մա Ճո­հէն­սըն եւ Ան­նա ­Հէտ­վիկ ­Պուլ, ո­րոնք ա­կա­նա­տես­ներն էին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ նո­ւի­րած էին ի­րենց կեան­քե­րը փրկե­լու հայ ե­րե­խա­նե­րը եր­կար տա­րի­ներ: