Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագրին ջանքերով, համալսարանին հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է արդի հայկական բանաստեղծութեան նուիրուած հատոր մը՝ անգլիախօս ընթերցողներոն համար:
«Armenian Poetry Of Our Time» հատորին թարգմանական աշխատանքը կատարած է ամերիկահայ անուանի բանաստեղծ եւ հմուտ թարգմանիչ Տայանա Տէր Յովհաննէսեան:
305 էջնոց ժողովածուն ունի նաեւ ծաւալուն յառաջաբան եւ կենսագրական համառօտ ծանօթութիւններ:
Բանաստեղծական եւ թարգմանական քսանհինգ գիրքերու հեղինակ Տէր Յովհաննէսեան, որ տարիներ շարունակ թարգմանաբար կը ներկայացնէ Հայաստանէ եւ Սփիւռքէ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ, այս հատորին մէջ տեղ տուած է 117 բանաստեղծութիւններու: Բանաստեղծական սոյն հատորը երրորդն է համալսարանի հրատարակչատան կողմէ հրատարակուող հայկական գիրքերու շարքին: Հրատարակութիւնները կը կատարուին համալսարանի հայագիտական ծրագրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի տնօրէնութեամբ: