­altԶո­ւի­ցե­րիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ 25 Օ­գոս­տո­սին, ­Ժը­նե­ւի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է հա­մերգ մը, որ նո­ւի­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25ա­մեա­կին:

 

Ըստ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան՝ ե­րե­կո­յի մաս­նա­կից­նե­րուն ուղ­ղած իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ դես­պան ­Յաս­միկ ­Տոլ­մա­ջեան իր ջերմ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն՝ ե­րեք հա­զար տա­րո­ւան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու, կրօն­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու հան­դիպ­ման քա­ռու­ղիին վրայ գտնո­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­րուստ եւ ինք­նա­տիպ ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տը զո­ւի­ցե­րիա­ցի հան­դի­սա­տե­սին լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լու կա­րե­լիու­թեան հա­մար:

­Հայ ա­րո­ւես­տի մեծ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն, ինչ­պէս միջ­նա­դա­րեան, այն­պէս ալ ար­դի շրջա­նի ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով հան­դէս ե­կած է ­Ժը­նե­ւի բարձ­րա­գոյն ե­րաժշ­տա­նո­ցի տնօ­րէն Ե­ւա ­Յա­րու­թիւ­նեան:

­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւած են ­Ժը­նե­ւի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած բազ­մա­թիւ դես­պան­ներ եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւ զո­ւի­ցե­րիա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: