­altՀա­յա­լե­զու մա­մու­լի պատ­մա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան մա­սին խօ­սե­լու մեծ բաց­թո­ղում կ’ու­նե­նանք, ե­թէ չանդ­րա­դառ­նանք ա­նոր ազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծօ­նին` հա­յա­պահ­պան­ման:

 

 

Եւ իբ­րեւ այս­պի­սին, ազ­գա­պահ­պան նշա­նա­կու­թեան մա­մու­լի` հա­րա­զատ «Ա­լիք»ի 85ա­մեա­կին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը Ի­րան բե­րին աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յա­լե­զու մա­մու­լի յայտ­նի դէմ­քե­րը, ո­րոնք տաս­նօ­րեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար կը կամր­ջեն Ա­րեւմ­տեան ու Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­նե­րու, Եւ­րո­պա­յի ու ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ հայ­րե­նի լրագ­րա­կան փա­ղան­գի «հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը»:

Եւ այս­պէս` «Ա­լիք»ի 85ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ­Թեհ­րա­նի մէջ հա­մախմ­բո­ւած էին ­Յա­րութ ­Սա­սու­նեա­նը` «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»էն, Ա­բօ ­Պո­ղի­կեա­նը` «Աս­պա­րէզ»էն, ­Զա­ւէն ­Թո­րի­կեա­նը` «­Հայ­րե­նիք»էն, ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեա­նը` «Ազ­դակ»էն, ­Զար­միկ ­Պո­ղի­կեա­նը` «­Գան­ձա­սար»էն, ­Յա­կոբ Ա­սատ­րեա­նը` «Օ­րեր»էն, ­Ժի­րայր ­Չո­լա­քեա­նը` «­Նոր ­Յա­ռաջ»էն, Ար­տա­շէս ­Շահ­բա­զեա­նը` Հ.Յ.Դ. ­Մամ­լոյ ­Դի­ւա­նէն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան լրա­տո­ւա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րէն` ­Վա­ղի­նակ ­Վար­դա­նեա­նը եւ Է­ւե­լի­նա ­Բաղ­դա­սա­րեա­նը, Աբ­րա­համ ­Գաս­պա­րեա­նը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­յին ­Հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թե­նէն (Հ1), ­Լու­սի­նէ ­Ղա­րի­բեա­նը` «Եր­կիր ­Մե­տիա»-էն, ­Նա­յի­րի ­Հո­խի­կեա­նը` «­Կենտ­րոն»էն եւ ու­րիշ­ներ:

«Ա­լիք»ը ազ­գա­պահ­պան­ման այն հնոցն է, որ լրագ­րու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ու­նի իր դէմքն ու տե­ղը, ա­հա այդ 85ա­մեայ նկա­րա­գի­րը հա­մախմ­բած է աշ­խար­հաս­փիւռ մա­մու­լի կար­կա­ռուն դէմ­քե­րը «Ա­լիք»ի մօտ: