Կեսարիոյ (թրք. Քայսերի) մէջ սկսած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները: Եկեղեցին գրեթէ 40 տարի օգտագործուած է իբրեւ մարզադահլիճ, իսկ այսուհետեւ իր դռները իբրեւ գրադարան պիտի բանայ, կը հաղորդէ Yerkir.am:
Կեսարիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները կ՛իրականացուին Կեսարիոյ քաղաքապետարանին կողմէ:
Գրադարանը պիտի ունենայ մասնագիտական գրականութիւն` մօտաւորապէս 50 հազար գիրք եւ հնարաւորութիւն պիտի տայ ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ խումբերու աշխատելու գրադարանի տարածքին մէջ: Պիտի ունենայ նաեւ ելեկտրոնային գիրքերու եւ փաստաթուղթերու բաժին: Գրադարանին կից պիտի գործէ սրճարան-գրադարան:
Վերականգնման աշխատանքներու աւարտէն ետք, գրադարանը կը նախատեսուի բանալ 2017 թուականի աշնան: Երկար տարիներ իբրեւ մարզադահլիճ օգտագործուող եկեղեցւոյ մէջ, իր կրօնական արարողութիւնները իրականացնելու համար, Կեսարիոյ բողոքական համայնքը դիմած էր Կեսարիոյ քաղաքապետարանին, սակայն մերժում ստացած էր: