Գերմանական «Der Spiegel» պարբերականը Թուրքիոյ նուիրուած յատուկ թիւ մը հրատարակած է: Թրքական «memurlar.net» լրատուակայքի համաձայն` յայտնի թերթին նոր թիւին բովանդակութիւնը «հակաթրքական» բնոյթ ունի:
Թերթի առջեւի կողքին վրայ տեղ գտած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի լուսանկարը եւ Թուրքիոյ դրօշը:
Իսկ անոր առջեւը մզկիթի պատկեր է, որուն մինարէները պատկերուած են թռիչքի պատրաստուող հրթիռներու տեսքով եւ, ըստ թրքական կայքին, կը խորհրդանշեն «իսլամականութեան վերելքը»: Կողքին վրայ տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ վերաբերող «Երկիր, որ կը կորսնցնէ ազատութիւնը» բնութագիրը:
Գերմանական «Die Welt» թերթը անդրադարձած է պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութեան: