ԼԻԲԱՆԱՆ.- Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ դեսպանատունը 103.500 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:
Այս առիթով կայացաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ՝ դեսպան Քոյիչի Քաուաքամիի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեանի եւ Մարօ Սալխանեանի միջեւ:
ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ճափոնի դեսպանատան կողմէ կատարուած նիւթական յատկացումին համար, որ պիտի տրամադրուի էքոկրաֆիի արդիական սարքի եւ ոսկրափտութեան մեքենայի գնման, ինչպէս նաեւ շողարձակման բաժանմունքի ընդարձակման: Դեսպան Քոյիչի Քաուաքամի նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ ամիսներուն ՀՕՄ-ի կողմէ Ճափոնի երկրաշարժէն տուժածներուն յատկացուած գումարին համար՝ փոխանցելով, որ անիկա պիտի տրամադրուի ծնողազուրկ երեխաներուն: Ան դիտել տուաւ, որ իւրայատուկ երեւոյթ է Ճափոնի դեսպանատան կողմէ ԼՕԽ-ի նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը, որովհետեւ տակաւին չէ պատահած, որ դեսպանատունը 4 անգամ միեւնոյն կազմակերպութեան յատկացումներ կատարէ. անոր համաձայն, այս մօտեցման պատճառը ԼՕԽ-ի նուիրական առաքելութիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ միութեան մատուցած ծառայութեան նկատմամբ գնահատանքի ու քաջալերանքի դրսեւորում:
Հանդիպումէն ետք դեսպանը եւ Թալին Գլպաշեան ստորագրեցին համաձայնագիրը:
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ տարուած աշխատանքով ի յայտ եկած է, որ ոսկրայօդային հարցեր ունեցողներուն թիւը բաւական մեծ է, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ այս մարզին յարակից բոլոր մասնագէտները կը գործեն ԼՕԽ-ի մէջ, ուրեմն մասնագիտական գործիք մը ունենալը անհրաժեշտութիւն դարձած է: Անոր համաձայն, այս մեքենան ո՛չ միայն ոսկորներու իրավիճակին մասին մանրամասն պատկերացում կը փոխանցէ, այլ նաեւ կը ճշդէ իւղի եւ մկաններու համեմատութիւնը: Ս. Սաղրեան յայտնեց, որ կարեւոր էր նաեւ էքոկրաֆիի արդիական սարք ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ընդարձակ ու մանրազնին քննութիւն կատարել՝ թափանցելով մինչեւ մազերակները, նաեւ կնոջական եւ ծննդաբերական պարագաներու առնչուող հարցերու ախտաճանաչումներ ընել: