Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 11րդ համաժողովի նիստերուն յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւննե
րուն:
Արամ Ա. Վեհափառ յիշեցուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգորդն է Օսմանեան թուրք Կայսրութեան, ոչ միայն չի ստանձներ իր նախնիներուն կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ կը շարունակէ նոյն ոճով ու քաղաքականութեամբ գործել Միջին Արեւելքէն ներս եւ ամէն ճիգ կը թափէ մասնատելու մեր ընկերութիւնը:
«Մեր օրերուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան թուրք Կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ»,- շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Համաժողովի մասնակիցները ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ տուին հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ 100 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեանց։
«Համաժողովը բացարձակապէս կը մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն ու ժխտողականութիւն եւ կը դատապարտէ Օսմանեան թուրք Կայսրութեան կողմէ հայ, ասորի, քաղդէացի ու յոյն ժողովուրդներուն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնէութեան դէմ գործադրուած 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, անոնց իրենց պապերու հողերէն արմատախիլ ընելն ու տեղահանումը:
Համաժողովը կը հաստատէ խաղաղ համակեցութեան կարելիութիւններու ստեղծման կարեւորութիւնը եւ գաղթականներու տուն դարձի ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Համաժողովը կ՛առաջարկէ, որ նորընտիր գործադիր վարչութիւնը հոգեւոր պետերէ կազմուած պատուիրակութիւն մը կազմէ, որպէսզի ան քրիստոնեայ թէ իսլամ կրօնական կարեւոր կեդրոններ, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող պետութիւններ այցելէ, բացատրելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վիճակը, եւ փորձ կատարէ մնայուն լուծումներ գտնելու», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: