Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) համաժողովը` բարձրօրէն գնահատելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներդրումը միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ
մասնաւորապէս, Վեհափառ Հայրապետին ընտրեց Մ.Ա.Ե.Խ.ի պատուոյ նախագահ: Վեհափառ Հայրապետը՝ խօսք առնելով, գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր նպաստը բերելու միջ-եկեղեցական շարժումի զարգացման:
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը՝ շարունակելով իր աշխատանքները, կատարեց Գործադիր Վարչութեան ընտրութիւնը: Համաժողովին մասնակցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամներէն Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան ընտրուեցան Գործադիր Վարչութեան անդամներ, իսկ դոկտ. Ժան Սալմանեան` անձնափոխանորդ: Գործադիր Վարչութիւնը յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին, մինչեւ յաջորդ համաժողով, կը ծրագրէ խորհուրդի աշխատանքները եւ կը փորձէ իրագործել համաժողովէն բխած առաջարկները:
Գործադիր Վարչութիւնը կը կազմուի եկեղեցական չորս ընտանիքներու (ուղղափառ՝ ոչ-քաղկեդոնական, արեւելեան ուղղափառ, աւետարանական եւ կաթողիկէ) քսանչորս ներկայացուցիչներէ: Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կազմութենէն ի վեր (1974) գործօն մասնակցութիւն կը բերէ խորհուրդի աշխատանքներուն:
Վերջապէս, համաժողովը յառաջիկայ չորս տարիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար ընտրեց հայր Միշէլ Ժալըխը: