alt«Եր­կիր» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րէն ­Վա­նի ­Բեր­դը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ` իբ­րեւ ­Թուր­քիոյ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն: «­Վա­նօպ­ժեք­թիֆ» կը տե­ղե­կաց­նէ, որ բա­ցի ­Վա­նի ­Բեր­դէն,

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ ընդգր­կո­ւած են նաեւ ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցած 10 դի­մում­նե­րը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ ա­նոնց ընդգր­կու­մով` իբ­րեւ ­Թուր­քիոյ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­կին վրայ յայտ­նո­ւած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րու թի­ւը հա­սած է 70ի:
­Թուր­քիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազ­գա­յին յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Օ­ճալ Օ­ղուզ յայ­տա­րա­րած է, թէ ո­րո­շու­մը տրո­ւած է Ապ­րի­լին, սա­կայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ այդ մա­սին միայն հի­մա յայ­տա­րա­րած է: