Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի՝ 7 Սեպտեմբեր 2016ի կէսօրին, հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա
Բ. թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ: Կարճ հանդիպումէն ետք, ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի թագաւորին:
Ճաշկերոյթին սկիզբը խօսք առնելով` Ապտալլա թագաւոր ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ եւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Թագաւորին խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հինգ պատրիարքներ, որոնք անդրադարձան յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու դժուարութիւններուն ու մանաւանդ արտագաղթին: Խօսք առաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ըսաւ.- «Ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքները, այլ նաեւ Միջին Արեւելքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը կ՛ապրին»:
Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադաձաւ երկու կէտերու.- «Ա.) Կրօններու եւ մշակոյթներու գոյակցութիւնը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց` նկատի ունենալով ծայրայեղական շարժումներու աճը եւ տարածումը, երեւոյթ մը՝ որ միայն Միջին Արեւելքին յատուկ չէ, այլ նաեւ ամբողջ արեւմտեան աշխարհին: Բ.) Ահաբեկչութիւնը դարձեալ միայն Միջին Արեւելքին առնչուած երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ` համամարդկային է: Հետեւաբար, պետութիւններ, կրօններ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ միացեալ ու հաւաքական ուժով պէտք է արմատախիլ ընեն այս չարիքը ընկերութեան կեանքին մէջ: Յաճախ մենք ախտանշանները յաղթահարելու մասին կը մտածենք` մոռնալով անոնց տուն տուող պատճառները»:
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ամմանի մէջ երկու պատգամ կը փոխանցէ աշխարհին` ա.) Քրիստոնէութիւնը կապուած կը մնայ Միջին Արեւելքին, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ բ.) համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է:
Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանձնաբար պատասխանեց Ապտալլա Բ. թագաւոր:
Օր մը առաջ, Յորդանանի թագաւորին հօրեղբօր որդին` Իշխան Ղազի, ներկայ գտնուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն ու մասնակիցներուն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն` իր կարգին շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը: