altԱւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի 45րդ նըս­տաշր­ջա­նին, ­Կոլտշ­թէյն հա­մայն­քէն ընտ­րո­ւած ­Թիմ Ո­ւիլ­սըն իր ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին խօ­սած է իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն մա­սին:

 

 

Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` աւստ­րա­լիա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին, ըստ ա­ւան­դոյ­թի, կ­՝անդ­րա­դառ­նան ի­րենց ծագ­ման ու ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան։ ­Նոյ­նը ը­րած է նաեւ Ո­ւիլ­սըն: Ան խօ­սած է իր մօր հայ­րի­կին մա­սին, որ վե­րապ­րած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ ո­գեշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձած է իր` Ո­ւիլ­սը­նի հա­մար:

«Իմ մօր հայ­րի­կը վե­րապ­րած է իր ժո­ղո­վուր­դին ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն: Ես եր­բեք չհան­դի­պե­ցայ ա­նոր, ան մա­հա­ցաւ մին­չեւ իմ ծնի­լը, սա­կայն ես ա­նոր դեռ ա­մէն օր կը տես­նեմ, երբ կը նա­յիմ հա­յե­լիին, կը նա­յիմ ա­նոր հա­յու սեւ աչ­քե­րուն»,- ը­սած է Ո­ւիլ­սըն: ­Թիմ Ո­ւիլ­սըն Աւստ­րա­լիոյ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ յայտ­նի է իր ընդգ­ծո­ւած ա­զա­տա­կան հա­յեացք­նե­րով դեռ այն ժա­մա­նա­կէն, երբ կը գլխա­ւո­րէր «Աւստ­րա­լիոյ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղով» կեդ­րո­նը: