ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է:
բ) Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներու պատրիարքներ, պատուիրակութիւններու կողքին, իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն յիշեալ համաժողովին:
գ) Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ մեծ թիւով պատուիրակներ եւ հիւրեր մասնակից կը դառնան համաժողովին:
Համաժողովի առաջին նիստին, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան միջ- եկեղեցական հիւրեր եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ պատրիարքները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին եկեղեցիներու առաքելութեան եւ վկայութեան նոր մղում տալու հրամայականը՝ Միջին Արեւելքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետը, որ ՄԱԵԽի նախագահներէն մէկն է, համաժողովին կարեւորութիւնը բնորոշեց երեք բառերով՝ փառաբանութիւն, արժեւորում եւ յանձնառութիւն: Վեհափառը իր պատգամին մէջ ըսաւ.- Առաջին հերթին մենք Աստուծոյ փառք պէտք է տանք, որ հակառակ մեր՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած առկայ տագնապալից պայմաններուն, կրցանք միասին ըլլալ, մեր միասնականութիւնը արտայայտել, ինչպէս նաեւ մեր կատարած ծառայական առաքելութիւնը արժեւորել:
Համաժողովը նաեւ առիթ է, անցնող տարիներու Խորհուրդին կատարած աշխատանքը լուսարձակի տակ բերելու, իրապաշտ արժեւորումը կատարելու եւ ապագայի գործնական ծրագիրներ մշակելու» ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Եւ վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ համաժողովը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր եկեղեցիներուն՝ վերանորոգելու աստուածատուր առաքելութեան իրենց յանձնառութիւնը:
Բացման նիստէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն, նշանակուեցան ենթայանձնախումբեր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները նշանակուեցան յանձնախումբերու անդամներ: Ապա՝ ժողովը լսեց ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը եւ կատարեց քննարկումներ: