Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ կը գտնուի հայկական Ս. Սարգիս կաթողիկէ եկեղեցին, որ անցեալ տարի վնասներ կրած էր թրքական բանակին եւ քրտական ուժերուն միջեւ երկարատեւ զինեալ բախումներուն հետեւանքով ու կը գտնուէր կիսաքանդ վիճակի մէջ։
Թուրքիոյ բնապահպանութեան նախարարութիւնը այժմ վերականգնողական աշխատանքներու ծրագիր կազմած է Սուրի 11 պատմական կառոյցներուն համար։ Անոնց մէջ կը գտնուի նաեւ հայկական կաթողիկէ եկեղեցին, եւ նախատեսուած է, որ այս աշխատանքը աւարտի 2018ին։