«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ եւ սուրիացի քիւրտ զինեալներուն կոչ ըրած է դադրեցնելու իրենց բախումները, եւ պայքարը կեդրոնացնելու «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան վրայ:
Քըրպի ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, սակայն շեշտած է, որ իր երկիրը «Իսլամական Պետութեան» դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցի նաեւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն:
Նոյնանման կոչ մը ուղղեց նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզէֆ Վոթըլ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ իր կարգին ինք եւս քննադատեց Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական միջամտութիւնը՝ նշելով, որ «բազմաթիւ եւ հակասական» միջամտութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն սուրիական տագնապը աւելիով հրահրելու վտանգը: Հոլանտ կոչ ուղղեց կողմերուն, որ վերջ տան բախումներուն եւ Սուրիոյ մէջ բանակցութիւններու սկսին։ Ան յայտնեց, որ թրքական եւ ռուսական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հողերուն վրայ իրականացուող գործողութիւնները կրնան բախումները սաստկացնել։
«Թուրքիոյ կողմէ «Իսլամական Պետութեան» վրայ յարձակումները հասկնալի են, սակայն Անգարա «Իսլամական Պետութեան» դէմ պատերազմող քրտական ուժերն ալ թիրախ ընտրած է»,- ըսաւ Հոլանտ։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Պեն Ռոտզ նախապէս յայտարարած էր.- «Մենք չենք աջակցիր եւ պիտի չպաշտպանենք թրքական զինեալ ուժերուն շարժումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գործունէութիւնը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն դէմ, որոնց պաշտպան կը կանգնին Միացեալ Նահանգները»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր իր կարգին նշած է, որ Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ Թուրքիոյ գործողութիւնները՝ Ճարապլոսի հիւսիսէն մինչեւ իր սահմանը, ինչպէս նաեւ Ճարապլոսէն արեւմուտք, սակայն՝ ոչ դէպի հարաւ: Քարթըր ընդգծած է, որ յառաջիկայ շաբաթ մտադիր է հանդիպում մը ունենալու Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի հետ: