altԲ­րի­տա­նա­կան «­Տը ­Կար­տիըն» թեր­թը, իր «Իմ լա­ւա­գոյն լու­սան­կարս» շար­քին մէջ, վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցու­ցած է 55ա­մեայ ֆրան­սա­հայ լու­սան­կա­րիչ Ան­թո­ւան Ա­կու­ճեա­նի ու­շագ­րաւ գոր­ծե­րէն լու­սան­կար մը, ուր հայր մը կը պա­րէ՝ ի յի­շա­տակ իր կորսնցու­ցած զա­ւա­

կին:

«Ես կը պա­րէի, նախ­քան լու­սան­կա­րիչ ըլ­լալս։ Ծ­նած եմ Ֆ­րան­սա՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ ին­ծի հա­մար պա­րը այն քիչ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րէն մէկն էր, ո­րով կրնա­յի կա­պո­ւիլ իմ հայ­րե­նի­քիս հետ, ո­րուն եր­բեք չէի այ­ցե­լած: Ա­տի­կա ճամ­բայ մըն էր վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու այն պատ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ին­ծի հա­սած էին իմ մեծ ծնող­նե­րէս:

­Պա­րը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն զիս տա­րաւ դէ­պի լու­սան­կար­չու­թիւն, սա­կայն այդ եր­կու­քը շատ ա­ւե­լի ընդ­հան­րու­թիւն­ներ ու­նին, քան կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել: Եր­կուքն ալ ա­րո­ւես­տի տե­սո­ղու­թեան եւ թեք­նի­քի հա­մադ­րում են: Եր­կուքն ալ պատ­մու­թիւն մը կը պատ­մեն»,- ը­սած է լու­սան­կա­րի­չը՝ նշե­լով, որ լու­սան­կար­չու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի է, քան պար­զա­պէս նկա­րե­լը։
«1988 թո­ւա­կա­նին, երբ ­Գիւմ­րիի երկ­րա­շար­ժը ցնցեց ­Հա­յաս­տա­նը, եւ 40 հա­զար մարդ զո­հո­ւե­ցաւ, հա­րիւ­րա­ւոր­ներ ան­տուն մնա­ցին, ես հոն էի մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հետ: ­Լու­սանը­կար­չու­թիւ­նը դար­ձաւ ա­ւե­լին, քան պար­զա­պէս այդ ա­ղէ­տին մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ ցու­ցադ­րե­լը:

Ա­նի­կա 1915 թո­ւա­կա­նէն ի վեր հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ յի­շո­ղու­թեան հնա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն մըն էր լրիւ: Ես շատ շու­տով հասկ­ցայ, որ տե­սագ­րու­թիւն­նե­րը չեն կրնար ներ­կա­յաց­նել այն պատ­մու­թիւն­նե­րը, զորս ես կ­՛ու­զէի պատ­մել: ­Լու­սան­կար­չու­թիւ­նը զիս կը հե­տաքրք­րէր, սա­կայն ո՛չ լու­սան­կար­չա­կան լրագ­րու­թիւ­նը, քա­նի որ այդ­պէս չէի կրնար ու­սում­նա­սի­րել այն, ին­չը ես կը պատ­կե­րա­ցէի որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նու­թիւն՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, կա­պը սե­փա­կան հո­ղիս հետ, հին բա­նա­հիւ­սա­կան ա­ւան­դոյթ­ներ: Ա­մէն ան­գամ, երբ նկա­րեմ, կ­՛ա­ռե­րե­սո­ւիմ պատ­մու­թեանս: Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թիւ­նը պար­զա­պէս թիւր է»,- ը­սած է Ան­թո­ւան Ա­կու­ճեան:
Իր «լա­ւա­գոյն լու­սան­կար»ին մէջ պատ­կե­րո­ւած տղա­մար­դուն հան­դի­պած է Ա­պա­րա­նի մէջ:

«1998 թո­ւա­կա­նին ես Ա­պա­րան կը գտնո­ւէի՝ մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նէն ոչ շատ հե­ռու մեծ քա­ղաք մը: ­Տե­ղա­կան պա­րի խում­բը ե­լոյթ կ­՛ու­նե­նար այդ ե­րե­կոյ՝ բաց եր­կին­քի տակ: ­Ծեր ու ե­րի­տա­սարդ հա­ւա­քո­ւած էին: Ա­ռա­ջին պատ­կե­րը նկա­րե­լէս ետք, ծեր տղա­մարդ մը մօ­տե­ցաւ ին­ծի՝ ար­ցունք­նե­րը աչ­քե­րուն: Ան ը­սաւ, թէ իր որ­դին մա­հա­ցած է ե­լեկտ­րա­հա­րու­թե­նէն, թէ ան իր հպար­տու­թիւնն ու ու­րա­խու­թիւնն էր, եւ թէ ես ի­րեն շատ նման եմ: Ան հեծկլ­տա­լով գրկեց զիս: Ա­նոր ա­նու­նը Իշ­խան էր: Ես ան­կէ խնդրե­ցի պա­րել ին­ծի հա­մար, եւ ան սկսաւ պա­րե­լու: Ա­տի­կա գե­ղե­ցիկ էր, ոչ ո­րով­հե­տեւ այդ տղա­մար­դը գե­ղե­ցիկ էր, այլ ո­րով­հե­տեւ ան կը ներ­կա­յաց­նէր հա­յե­րուն գի­տակ­ցու­թեան մէջ առ­կայ խոր ե­րե­ւոյթ մը. ան տօ­նա­կան շուն­չով կը յաղ­թա­հա­րէր այդ ա­հա­ւոր կո­րուս­տը»,- պատ­մած է լու­սան­կա­րի­չը:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ա­ռու­մով լու­սանկա­րի­չը վստահ է, որ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի եր­կիր­ներ պի­տի դի­մեն այդ քայ­լին: «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կէն ետք աշ­խար­հը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նէ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռին վրայ: Որ­քան ալ Էր­տո­ղա­նը հեր­քէ այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը, այն­քան ա­ւե­լի ու­ժեղ կը դառ­նանք մենք: ­Մենք գի­տենք, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ան­հե­տա­նալ, եւ մենք կը դի­մա­նանք ա­տոր՝ ան­կախ ա­մէն ին­չէ»,- եզ­րա­փա­կած է ֆրան­սա­հայ լու­սան­կա­րի­չը: