Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոպական Միութեան գործունէութեան  ձեւաչափը խիստ կարգապահ կեցուածքի եւ փոփոխութիւններու ենթարկելու առաջարկներուն դէմ դասուեցաւ Մեծն Բրիտանիա, որ մերժեց համաձայնիլ առաջադրուող համակարգին:

Նոյն կեցուածքը որդեգրեցին Հունգարիա, Շուէտ եւ Չեխիա, յայտարարելով թէ իրենց երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ պիտի քննարկեն հարցը: Այսպէս, Եւրոպական Միութենէն ներս փոփոխութիւնները յառաջ պիտի երթան «23» անդամ-երկիրներու հիմքով:
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ դիտել տուաւ, թէ նոր համաձայնութենէն ներս ներառուած պիտի ըլլան եւրօգօտիի 17 անդամ-երկիրները, ինչպէս եւ մնացեալ 6 երկիրները:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, բացայայտ իր դժգոհութիւնը յայտնեց Մեծն Բրիտանիոյ կեցուածքին առընչութեամբ՝ «անընդունելի» բնորոշելով Անգլիոյ նախապայմանները: Ան աւելցուց թէ՝ «առանձին պիտի փրկենք եւրօն»:
Պրիւքսելի մէջ ընթացող տագնապալի պահերը իրենց արձագանգումը գտան օտար մամուլին մէջ, մինչ Wall Street Journal իր այսօրուայ թիւին մէջ կը յայտնէ, թէ Կեդրոնական Դրամատուները կը նախապատրաստուին եւրօգօտիի փլուզման ծրագիրը դիմագրաւելու համար:
Պրիւքսելի մէջ խորհրդաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Այսօր տեղի կÿունենայ Խրուաթիոյ անդամակցութեան համաձայնագրի ստորագրումը: