Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt4 ­Սեպ­տեմ­բեր 2016ին Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը ­Վա­տի­կա­նի Ս. ­Պետ­րոս հրա­պա­րա­կին վրայ պի­տի նա­խա­գա­հէ ­Մայր ­Թե­րե­զա ­Կալ­կա­թա­ցիի սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, կը հա­ղոր­դէ «Ազ­դակ»:

Ն­շենք, որ ­Մայր ­Թե­րե­զա ­Կալ­կա­թա­ցին մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է հայ կա­թո­ղի­կէ մայ­րա­պետ քոյր Ա­րու­սեակ ­Սա­ճո­նեա­նի վրայ, որ իր կար­գին ճանչ­ցո­ւած է իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Մայր ­Թե­րե­զան:

1945ին ­Հա­լէ­պի մէջ ծնած եւ ա­պա ­Սու­րիոյ եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ ապ­րած քոյր Ա­րու­սեակ ­Սա­ճո­նեան, 20 տա­րե­կա­նին, ան­դա­մակ­ցած էր Ա­նա­րատ Յ­ղու­թեան հայ քոյ­րե­րու միա­բա­նու­թեան, որ­պէս­զի ան հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեամբ գոր­ծու­ղո­ւէր ­Հա­յաս­տան: ­Սա­կայն ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը զինք կը գոր­ծու­ղեն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ֆի­լա­տել­ֆիա նա­հան­գը, ուր կը յա­ջո­ղի հիմ­նել հայ­կա­կան դպրոց մը եւ ա­նոր տնօ­րի­նու­թիւ­նը ստանձ­նել 25 տա­րի­ներ շա­րու­նակ:

­Սա­կայն ­Հա­յաս­տա­նի 1988ի երկ­րա­շար­ժը եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը զինք կը մղեն լքե­լու ա­մէն պաշ­տօն ու փու­թա­լու ­Հա­յաս­տան, ուր ան կը կա­տա­րէ բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­ներ, հո­գա­տա­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ որ­բե­րուն եւ տա­րեց­նե­րուն նկատ­մամբ` հիմ­նե­լով ­Գիւմ­րիի «­Պօ­ղո­սեան» հա­մա­լի­րը, «­Տի­րա­մայր ­Հա­յաս­տա­նի» երգ­չա­խում­բը եւ ­Քա­նա­քե­ռի մէջ «Ա­նի ­Պէ­զի­քեան» ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նը:

­Քոյր Ա­րու­սեակ ­Սա­ճո­նեա­նի ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժէն ա­ղէ­տա­հար հայ­րե­նի քա­ղաք ­Գիւմ­րիին եւ ­Շի­րա­կի մար­զին հետ։