alt«­Յու­սա­բեր».- Ե­գիպ­տա­կան «Եոմ էլ ­Սա­պեհ» («Եօթ­նե­րորդ Օր») թեր­թի կայ­քէ­ջը ­Յու­լիս 25ին ար­ձա­գան­գեց խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, լրագ­րող ­Մուս­թա­ֆա ­Պաք­րիի նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ 336 պատ­գա­մա­ւո­րի ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը կրող ո­րոշ­ման նա­խա­գիծ մը ներ­կա­

յա­ցու­ցած է խորհրդա­րա­նին, պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գոր­ծած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղե­լով Մ.Ա.Կ.ի ու այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, որ հար­կա­ւոր ի­րա­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն դի­մեն՝ ճանչ­նա­լու այս ո­ճիրն ու ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը:

Ըստ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան՝ ­Պաք­րի անհ­րա­ժեշտ նկա­տած է դա­տա­պար­տու­մը հա­յոց դէմ 1915էն 1922 կա­տա­րո­ւած օս­մա­նեան կո­տո­րած­նե­րուն, ո­րոնք խլե­ցին մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կեանք, նկա­տե­լով, որ այս ո­ճի­րը ան­զէն ժո­ղո­վուր­դի մը դէմ զան­գո­ւա­ծա­յին ոչն­չա­ցում է:

­Միւս կող­մէ, ­Հան­րա­պե­տա­կան ժո­ղո­վուրդ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ պատ­գա­մա­ւոր ­Մո­համ­մէտ ­Սա­լահ Ա­պու ­Հը­մե­լա իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ­Պաք­րիի փաս­տա­թուղ­թին՝ պար­զե­լով, որ ­Թուր­քիա իր էու­թեամբ գաղ­թա­տի­րա­կան պե­տու­թիւն է եւ պե­տու­թիւն­նե­րու դէմ մեծ ո­ճիր­ներ գոր­ծած:

Ան «Եոմ էլ ­Սա­պեհ»ին ը­սած է, որ ­Թուր­քիա թշնա­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ ե­գիպ­տա­ցի ժո­ղո­վուր­դին, ե­գիպ­տա­կան պե­տու­թեան ու ա­նոր նա­խա­գա­հին հան­դէպ, միշտ յար­ձակ­ման թի­րախ կ­՛ընտ­րէ Ե­գիպ­տո­սը՝ ձգտե­լով վար­կա­բե­կել զայն, ինչ որ ե­գիպ­տա­կան խորհր­դա­րա­նին կը թե­լադ­րէ շարժ­ման անց­նիլ՝ հա­կազ­դե­լու Ե­գիպ­տո­սի դէմ ­Թուր­քիոյ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն:

Իր հեր­թին, խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ­Սիւ­զի ­Նա­շետ նոյն թեր­թին հաս­տա­տած է, որ հա­յոց դէմ ­Թուր­քիոյ ի­րա­գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած պատ­մա­կան ո­ճիր է, որ ան­ժա­ման­ցե­լի է, ու շեշ­տած է այս ո­ճի­րի ճա­նաչ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ե­գիպ­տա­կան խորհր­դա­րա­նին կող­մէ: Ան նկա­տած է, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը խորհր­դա­րա­նին կող­մէ մե­ծա­պէս պի­տի ազ­դէ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին առ­ջեւ ­Թուր­քիոյ դիր­քին վրայ՝ հա­ւաս­տե­լով ­Թուր­քիոյ ո­ճիր­նե­րը այս ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ:

­Պատ­գա­մա­ւոր ­Ֆա­յէզ ­Պա­րա­քաթ յայտ­նած է, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման խորհըր­դա­րա­նա­կան ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծի ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը ե­գիպ­տա­կան պե­տա­կա­նու­թեան դէմ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նա­զան­ցու­թիւն­նե­րուն եւ ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րուն հա­կա­դար­ձե­լու փորձ մըն են՝ ա­ւելց­նե­լով, որ այդ ստո­րագ­րու­թիւն­ներն ու­ղերձ են ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թայ­իփ Էր­տո­ղա­նին, որ «կա­րող են եր­կա­թէ բա­զու­կով հա­րո­ւա­ծել բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը փոր­ձեն մի­ջամ­տել գոր­ծե­րուն»: