Յուլիս 14ին Նիսի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքին յաջորդող օրերուն սփռուեցան տեսանիւթեր, ուր տասնեակներով մարդկային կեանքեր կուլ տուող եւ ուրիշ հարիւրաւորներու ալ կեանքը քանդող բեռնատար կառքին կից կ՚երեւէր շարժանիւ (moto) մը: Անոր
վրայի անձը ցատքելով բեռնատարին վրայ, կը փորձէր վնասազերծել մարդասպան վարորդը եւ արգելք հանդիսանալ այդ խօլ արշաւին:
Օրեր ետք պարզուեցաւ, թէ այդ քաջ անձը, որ իր կեանքը վտանգած էր փրկելու համար ուրիշներունը, հայ մըն էր՝ ոմն Ֆրանք: 48ամեայ հերոսը, հեռատեսիլի France 2 կայանէն վկայելով այդ դէպքին մասին, բացատրեց, թէ իսկոյն անդրադառնալով կատարուածին ծանրակշիռ բնոյթին՝ արագացնելով իր շարժանիւը, հասած է բեռնատարի դրան մակարդակին, կառչած է անոր, հարուածելով մարդասպանը՝ փորձած է զայն ստիպել կանգ առնելու:
Եթէ ինք եւս զոհերու երկար շարքին մաս չի կազմեր, ատիկա բոլորովին իր բախտին կը պարտի Ֆրանք, քանի որ ահաբեկիչը փորձած է կրակել իր դէմքին, բայց ատրճանակը պարպուած ըլլալով չէ յաջողած: Ապա, նոր փամփուշտներ լեցնելով ան երբ սկսած է կրկին կրակել, Ֆրանք այս անգամ ստիպուած վար իջած է կառքէն: Բայց ինք կ՚աւելցնէ, թէ բաւական դանդաղեցուցած ու խոչընդոտած է մարդասպանին գործողութիւնը, ինչ որ նաեւ թոյլ տուած է ոստիկաններուն՝ զայն վերջնապէս վնասազերծելու: «Ամէն պարագայի, պատրաստ էի մեռնելու»,- կ՚եզրափակէ Նիսի հայ հերոսը: