altՈւր­բաթ՝ 22 ­Յու­լիս 2016ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մունք­նե­րու վա­րիչ ­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեա­նի եւ լսա­տե­սո­ղա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ ­Պետ­րոս Վրդ. ­

Մա­նո­ւէ­լեա­նի, այ­ցե­լու­թիւն տուաւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Թռչ­նոց ­Բոյն» հաս­տա­տու­թեան, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ տնօ­րէ­նու­թեան հետ եւ մօ­տէն տե­ղեակ դար­ձաւ հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ու ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն:

­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ այ­ցե­լեց «Թռչ­նոց ­Բոյն»ի շրջա­փա­կին մէջ գտնո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու «Ա­րամ ­Պէ­զի­քեան» թան­գա­րան»ը: Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պէր թան­գա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին: Ան մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ լսեց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած մէկ տա­րո­ւան աշ­խա­տան­քին ամ­փոփ զե­կու­ցու­մը եւ գնա­հա­տեց տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քը:

Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «­Կի­լի­կիա» հե­ռա­տե­սի­լին հետ ու­նե­ցած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց.- «Ին­ծի հա­մար մեծ ու­րա­խու­թիւն է գտնո­ւիլ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին այս եր­կու կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ:

\«Թռչ­նոց ­Բոյն»ի ան­ցեա­լը ծա­նօթ է մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն: Ար­դա­րեւ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­զա­րա­ւոր որ­բեր ան­ցած են «Թռչ­նոց ­Բոյն»էն, այս­տեղ դաս­տիա­րա­կո­ւած ու կազ­մա­ւո­րո­ւած են եւ ի­րենց սրտին ու մտքին մէջ կեն­դա­նի կը պա­հեն «Թռչ­նոց ­Բոյն»ը իր ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­նե­րով` մա­նա­ւանդ մեր պատ­մու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րո­ւա­նին հաս­տա­տու­թեան կա­տա­րած նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ»,- ը­սաւ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս։