Չորեքշաբթի՝ 20 Յուլիս 2016ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի. հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանատան քա
ղաքական հարցերու պատասխանատուն:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահի ընտրութեան, ապահովութեան, Սուրիոյ կացութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան վերաբերող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս դատապարտեց 14 Յուլիս 2016ին Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան ութսուն անմեղ քաղաքացիներ:
Վեհափառ Հայրապետին եւ ֆրանսացի դիւանագէտին միջեւ տեսակցութեան ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Ֆրանսայի որդեգրած կեցուածքին եւ ընդհանրապէս հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներու յարաբերութեան հետ կապուած շարք մը հարցերու:
Աւարտին, դեսպան Պոն առաջարկեց, որ նման հանդիպումները ըլլան յաճախակի` խորհրդակցելու համար շրջանը յուզող խնդիրներու մասին: Հանդիպումէն ետք դեսպանը այցելեց Պիքֆայայի յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցանեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: