Կիրակի` 17 Յունիս 2016ին, հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն մը ապրեցաւ` ներկայ գտնուելով Սուրիոյ հայկական առաջին ռատիոկայանի, 2011 թուականէն ի վեր գործող եւ իր ձայնը համայն աշխարհին հասցնող, ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողու
թեան,- կը հաղորդէ «Գանձասար»:
Երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ։
Հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով, սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը` ողջ աշխարհին հասցնելու իր ձայնը:
ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի կեդրոնին բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Բալայեան, Պատկան Մարմնի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.ի Կ.Վարչութեան անդամ Աննա Տէր-Յակոբեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ: