15 Յուլիս 2016ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Գ. նիստը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դա
տին մանրամասնութիւնները:
Դատի յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան անդրադարձաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ Օգոստոսին Սիս այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին խօսեցաւ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Դասախօսութենէն ետք, յաջորդաբար, իրենց զեկոյցները ներկայացուցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ու Քանատայի թեմերուն ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին իրենց թեմերուն երիտասարդութեան հետ առնչութիւն ունեցող աշխատանքներն ու գործունէութիւնը:
Դ. նիստի ընթացքին Կաթողիկոսութեան լսատեսողական բաժանմունքի աշխատակազմը` Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Սեւակ Սաղպազարեան, բաժանմունքի վարիչ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի գլխաւորութեամբ, մասնակիցներուն ներկայացուց տարուած աշխատանքները: Յատուկ անդրադարձ եղաւ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն:
Յետ-միջօրէին, համագումարի մասնակիցները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան եւ «Թռչնոց Բոյն», ուր անոնց փոխանցուեցաւ թանգարանին եւ հաստատութեան պատմականը:
Երեկոյեան, համագումարի մասնակից երիտասարդները, զբօսնելէ ետք շրջանի պատմական վայրերը, ունեցան իրենց ընկերային հաւաքական ընթրիքը «Թռչնոց Բոյն»ի շրջափակին մէջ: