­Գեր­մա­նիոյ ­Դաշ­նա­յին ­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Նոր­պերթ ­Լա­մերթ յայ­տա­րա­րած է, որ ­Թուր­քիոյ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յա­նէն գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րը կրնան ետ քա­շո­ւիլ, ե­թէ թրքա­կան կող­մը չվերց­նէ գեր­մա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան դէմ դրած ար­գել­քը: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մենփրես», այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ

գեր­մա­նա­կան Deutsche Welle թեր­թը: «­Թող բո­լո­րը գի­տակ­ցին, որ Ին­ճիր­լի­քի մէջ գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րը եր­կար չեն մնար, ե­թէ հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­բեր­մունք չստա­նան»,- Deutsche Zeitung թեր­թին ը­սած է ան: ­Լա­մերթ նշած է, որ դէ­պի Ին­ճիր­լիք գեր­մա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թեան ինք հա­ւա­նու­թիւն տո­ւած է:

­Գեր­մա­նա­կան Deutsche Welle կը յայտ­նէ, որ ­Գեր­մա­նիոյ ու ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուած են, երբ ­Պուն­տես­թա­կը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձեւ ըն­դու­նեց: ­Բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն կարճ ժա­մա­նակ անց, ­Գեր­մա­նիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նա­կը յայ­տա­րա­րեց, որ ­Թուր­քիան թոյ­լատ­րու­թիւն չէ տրա­մադ­րած ­Գեր­մա­նիոյ Պ.Ն. բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­յին եւ խորհր­դա­րա­նի քա­նի մը ան­դամ­նե­րու` ­Յու­լի­սին այ­ցե­լե­լու Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յան:

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ ­Ռալֆ Բ­ռաուք­զիե­փէ ծրագ­րած էր ­Յու­լի­սին խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ այ­ցե­լել ­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած գեր­մա­նա­կան զօր­քե­րը, սա­կայն ա­նոր հա­մար ար­գի­լո­ւած է այ­ցե­լու­թիւ­նը` կա­պո­ւած ­Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի հե­տե­ւան­քով թուրք- գեր­մա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լար­ման հետ:

Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յան այ­ցե­լե­լու թոյլ­տո­ւու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հար­ցը քննար­կո­ւած է նաեւ, ՆԱԹՕի գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս, ­Վար­շա­ւա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Մեր­քել-Է-րտո­ղան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ: Թր­քա­կան աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն` Էր­տո­ղան պայ­ման դրած է ­Մեր­քե­լին` կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­նել, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու մա­սին ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մը չ­՛ար­տա­յայ­տեր կա­ռա­վար­չու­թեան պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը: ­Մեր­քել, սա­կայն, մեր­ժած է այդ ա­ռա­ջար­կը: Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յա­նին մէջ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րե­լու նպա­տա­կով կը գտնո­ւին գեր­մա­նա­կան Tornado հե­տա­խու­զա­կան օ­դա­նա­ւեր եւ 240 գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւոր։