Կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մշակութային Յանձնախումբին, Հայ Մշակոյթի ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը եւ վերջերս հրատարակուած «Երկիր 2» գրքի ներկայացումը: Դասախօսութիւնն ու գիրքը ներկայացուց գանատաբնակ ծանօթ լուսանկարիչ եւ պատկերագրքի հեղինակ` Հրայր Բազէ Խաչերեան:
Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամները երեկոն կոչած էին «Մեր Եկեղեցիները, Մեր Խաչքարերը, Մեր Յուշարձանները, Մեր Լեռները եւ Մեր Երկիրը»:
Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց օրուան բանախօսը: Տէր Մեսրոպ ըսաւ. «Կը յիշեմ 14 տարիներ առաջ դարձեալ Հայ Մշակոյթի ամսուան ընթացքին, թեմիս նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի հովանաւորութեամբ ներկայացուցինք Հրայրի առաջին հրատարակութիւնը՝ «Արցախ՝ Լուսանկարչական Ուղեւորութիւն մը» գիրքը, եւ այնուհետեւ մենք սերտ յարաբերութիւն ունե- ցանք Հրայրի հետ: Հրայր Բազէ անցնող 20 տարիներուն բազմիցս այցելած է Հայաստան, Արցախ, Պատմական Հայաստան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան երկիրներ եւ քաղաքներ նկարահանելով տեղւոյն հայկական եկեղեցիները, խաչքարերը, յուշարձանները եւ վանքերը, որոնք կը ներկայացնեն հոգեւոր եւ ազգային մեծ արժէքներ: Հրայր Բ. Խաչերեան ցարդ հրատարակած է.
Արցախ` Լուսանկարչական Ուղեւորութիւն մը- (1997)
Արցախ` 100 Լուսանկարներ- (2002)
Երկիր - (2005)
Ճախրող Բազէն- (2005)
Հայկական Զարդարուեստ- (2010)
Արմէն Քիւրքճեանի համագործակցութեամբ Երկիր 2- (2011):
Տեսաերիզի վրայ Հրայր ցուցադրեց իր լուսանկարչական ոսպնեակէն առնուած գեղեցիկ պատկերներ, եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ իր հետաքրքրական եւ արկածախնդրական ճամ- բորդութեանց մասին, որոնք ամբողջութեամբ կը ներկայացնեն մեր անցեալի հարստութիւնները:
Վերջաւորութեան ներկաներէն շատեր մակագրուած գիրքերէն օրինակներ իրենց հետ առին: