Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԹԱՍՍ կը հա­ղոր­դէ, որ ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Սեր­կէյ ­Լաւ­րով ­Պա­քո­ւի մէջ իր ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցին` Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րո­վին հետ հան­դի­պու­մէն ետք, մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­

մար­տող կող­մե­րը տագ­նա­պի լուծ­ման յա­ջո­ղու­թեան շատ ա­ւե­լի մօտ են, քան եր­բե­ւի­ցէ, սա­կայն ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար տա­կա­ւին կա­նուխ է:

«­Մենք հիմ­քեր ու­նինք են­թադ­րե­լու, որ այս ան­գամ շատ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նանք յա­ջո­ղու­թեան հե­ռան­կա­րին, քան ինչ որ ե­ղած է մին­չեւ հի­մա»,- ընդգ­ծած է ­Լաւ­րով` ա­ւելց­նե­լով, որ 20 ­Յու­նի­սին Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ­Ռու­սիոյ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ ե­ղած հա­մա­ձայ­նու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի չբա­ցա­յայ­տէ:

«­Հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով` մենք հրա­պա­րա­կաւ չենք քննար­կեր այն գա­ղա­փար­նե­րը, ո­րոնք կը քննար­կո­ւին հան­դի­պու­մի ծի­րին մէջ: Ե­րեք եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը 20 ­Յու­նի­սին հա­մա­ձայ­նած են, որ զգու­շա­ւո­րու­թեամբ պի­տի վե­րա­բե­րին յոյ­սի այն ծի­լե­րուն հետ, ո­րոնք յայտ­նո­ւած են: Ոչ թէ այն պատ­ճա­ռով, որ բան մը կը պա­հենք, այլ պար­զա­պէս ա­սի­կա բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ բա­րո­յա­կար­գա­յին ար­ժե­չափ է»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Լաւ­րով:

ԱՓԱ կը հա­ղոր­դէ, որ ­Լաւ­րով նշած է.- «­Ներ­կայ քննար­կում­նե­րը նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թեան ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ կա­րե­ւոր քայ­լեր են»: Ան նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան, ­Ռու­սիոյ հետ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ կա­պե­րը զար­գաց­նե­լու հա­մար` ընդգ­ծե­լով, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կա­ռու­ցո­ղա­կան էր:

ԱՓԱ կը հա­ղոր­դէ, որ ­Մա­մե­տեա­րով նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին` ը­սե­լով.- «­Ներ­կա­յիս մենք աշ­խոյժ երկ­խօ­սու­թեան, նոյ­նիսկ ե­ռա­խօ­սու­թեան ձե­ւա­չա­փի մէջ ենք: ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցին քննար­կում­նե­րուն: Ա­տոր նպա­տա­կը յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րելն է այն հար­ցե­րուն մէջ, ո­րոնց շուրջ դեռ հա­մա­ձայ­նու­թիւն չէ գո­յա­ցած: ­Մենք պէտք է քայլ առ քայլ լու­ծենք այս հար­ցե­րը, որ­պէս­զի լու­ծենք տագ­նապ­նե­րը, ո­րոնք վտանգ կը ներ­կա­յաց­նեն հա­մաշ­խար­հա­յին անվ­տան­գու­թեան»:

­Նա­խա­պէս ­Լաւ­րով ­Պա­քո­ւի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած էր Ատրպէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ: Ան հան­դի­պու­մէն ետք յայ­տա­րա­րած էր, որ ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

«­Նա­խա­գահ ­Փու­թին մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հան­դի­պու­մին ար­դիւնք­նե­րը»,- յայ­տա­րա­րած էր ­Լաւ­րով` յոյս յայտ­նե­լով, որ այդ հան­դի­պու­մը վճռա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նայ ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ:
Ըստ ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Հաք­քին» գոր­ծա­կա­լու­թեան, խօ­սե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ­Ռու­սիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին` ­Լաւ­րով նշած է, որ ա­նոնք բա­ւա­կան յա­գե­ցած են: