Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պոլսոյ մէջ այս օրերուն, ընթացքի մէջ է հայազգի ծանօթ լուսանկարչուհի Մարիամ Շահինեանի աշխատանքներու  ցուցահանդէսը: Ինչպէս կը յայտնէ Hurriyet-ը, ցուցահանդէսի  համակարգողն է Թայֆուն Սերթաշը:

Շահինեանը ծնած է 1911 թ-ին Սվազի մէջ եւ մահացած՝ 1996 թ-ին Պոլիս: 1935-1985 թ-ին ան աշխատած է իր համեստ «Ֆոտօ Գալաթասարայ» ստուտիոյին մէջ: Անոր արխիւը կը ճշդէ Պոլսոյ  սոցիալ-մշակութային ժողովրդագրական քարտէսի փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ կին լուսանկարիչներու հարուստ  ասպարէզը Պոլսոյ մէջ:
Իր մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ  պահպանուած են: 1985ին ան արդէն ստեղծած էր շուրջ 200.000  նկար:
Մահացաւ 1996ին եւ թաղուեցաւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատունը: