­altՍու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով ­Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Սու­րիա­յէն դուրս ե­կած շուրջ 15 հա­զար հայ: Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, յայտ­նած է ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Վե­րա Եա­գու­պեան:

 «­Լի­բա­նա­նը ­Սու­րիոյ սահ­մա­նին ա­մե­նա­մօտն է եւ հասկը­նա­լի է, որ ­Սու­րիա­յէն մեծ հոսք կայ դէ­պի ­Լի­բա­նան: ­Սու­րիա­յէն դէ­պի ­Լի­բա­նան սու­րիա­հա­յե­րու հոս­քի աճ կը նկա­տո­ւի յատ­կա­պէս վեր­ջին 2-3 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ ­Հա­լէ­պի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը վա­տա­ցաւ»,- ը­սած է ­Վե­րա Եա­գու­պեան:

Ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն սու­րիա­հա­յե­րու կող­քին կանգ­նած է ­Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քը: ­Վե­րա Եա­գու­պեան վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քը սու­րիա­հա­յե­րուն կ­՝օգ­նէ բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով:

«­Պէտք չէ մոռ­նալ, որ ­Լի­բա­նա­նի մէջ ալ տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կան, սա­կայն ա­մէն պա­րա­գա­յի հայ­կա­կան հա­մայն­քը կանգ­նած է սու­րիա­հա­յե­րու կող­քին: Տ­րա­մադ­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թիւ­նը թէ՛ նիւ­թա­կան է, թէ՛ բա­րո­յա­կան»,- նկա­տած է ­Վե­րա Եա­գու­պեան:

Ա­նոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ­Լի­բա­նա­նի մէջ գտնո­ւող սու­րիա­հա­յե­րուն հիմ­նա­կան մա­սը այս կամ այն կերպ տե­ղա­ւո­րո­ւած է:
­Հա­մայն­քը իր կա­պե­րով, հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով կը գտնէ մատ­չե­լի պայ­ման­նե­րով վար­ձա­կա­լու­թեան հա­մար բնա­կա­րան­ներ: ­Բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ փոք­րիկ­նե­րը գրե­թէ անվ­ճար կ­՝ու­սա­նին, կ­՝օգ­տո­ւին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծրա­գիր­նե­րէն: Ա­մէն ինչ կը կա­տա­րո­ւի, որ ա­նոնք ի­րենց զգան ա­պա­հով եւ հան­գիստ:

«Այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն չըլ­լայ, թէ սու­րիա­հա­յե­րը կը նստին ու կը սպա­սեն նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան: ­Շատ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար, տրա­մադ­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թե­նէն բա­ցի, մենք կը ստեղ­ծենք պայ­ման­ներ, որ կա­րե­նան աշ­խա­տիլ՝ ի­րենց նո­ւա­զա­գոյն կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Վե­րա Եա­գու­պեան: