Ֆինլանտացի 23ամեայ երգչուհի Մարիա-Միլլա Լաթելան, որ մէկ տարուան փոխանակման ծրագիրի ուսանող է Շուէտի Օրեպրօ համալսարանին մէջ, վերջերս համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համերգին կատարեց Տիգրան Համասեանի երգացանկէն երգ մը:
Այս մասին Շուէտէն «Հայերն Այսօր»ին կը տեղեկացնէ Մարիաննա Տօնոյեան:
Մարիա-Միլլան կը խոստովանի, որ Հայաստանի մասին` որպէս երկրի եւ պետութեան, շատ քիչ բան իմացած է անցեալին: Թէեւ երգի ընտրութիւնը համերգի կազմակերպիչինն էր, այդուհանդերձ Մարիա հաճոյքով երգած է հայերէն:
«Ես ծանօթ եմ Համասեանի արուեստին, քանի որ ան շատ յայտնի է Սքանտինաւիոյ մէջ, բայց պէտք է ըսեմ, որ հայերէնը հեշտ լեզու չէ, այն բաւականին բարդ է: Սկիզբը կը կարծէի` այն պէտք է հնչէ ինչպէս ռուսերէնը, այնուհետեւ բացայայտեցի, որ այն կը հնչէ յունարէնի պէս: Ամէն պարագայի` վերջապէս եկայ այն եզրայանգման, որ հայերէնը պարզապէս իւրայատուկ լեզու է»:
Կատարման մասին իր յոյզերը կիսուելով` Մարիա-Միլլան կ’ըսէ, թէ երգը իրեն պարգեւած է խորհրդաւոր զգացողութիւններ: «Սկիզբը ինծի հետաքրքիր էր, թէ ինչի՞ մասին է երգը: Ատիկա էր պատճառը, որ դիմեցի հայուհիի մը, որ նոյնպէս կը յաճախէ Օրեպրու համալսարանը, եւ խնդրեցի անոր թարգմանել բառերը:
Բայց նոյնիսկ իմաստը բացայայտելէ յետոյ, ես նոյն առեղծուածային զգացողութիւնը ունէի: Քանի որ լեզուն ինքնին առեղծուածային է. այն կը հնչէ գեղեցիկ, բայց եւ կոպիտ միաժամանակ. Ինչ որ ես այնքան կը հաւնիմ: Ես շատ կը ցանկայի սորվիլ հայերէն եւ երգել աւելի շատ հայկական երգեր»,- կ’եզրափակէ Մարիա-Միլլա Լաթելա: