Չինաստանի հայ համայնքը Արցախին օժանդակելու համար կազմակերպած է դրամահաւաք, որուն արդիւնքով հաւաքուած գումարը փոխանցուած է Արցախի կառավարութեան կողմէ հաստատուած հաշուեհամարին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am։
Դրամահաւաքը իրականացած է առցանց եղանակով, որուն մասնակցած են Չինաստանի մէջ ուսանող հայ ուսանողներն ու համայնքի անդամները: Չինաստանի հայ համայնքը անկախ կազմակերպութիւն է, որ վերջին տարիներուն կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն:
Յատկանշական են երկրին մէջ բնակող հայերը միաւորելը, Հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայապահպանման նպաստելը, չինացի ուսանողներուն Հայաստանի մէջ ուսանելու համար կրթաթոշակի յատկացումը, Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութեան վերաբերեալ «Կիւլպենկեան» Հիմնադրամին հետ կատարուող ուսումնասիրութիւնները, Չինաստանի մէջ հայ ուսանողական միութեան գործունէութիւնը, հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու ամենամեայ առցանց գիտաժողովը եւ այլն: