Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րենց գիր­քե­րը հան­րու­թեան դա­տին յանձ­նե­ցին ցե­ղաս­պա­նա­գէտ, ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­մալ­սա­րա­նի նախ­կին դա­սա­խօս ­Ռու­բի­նա ­Փի­րու­մեան եւ ­Վի­տա­լի Եան­կօ։

­Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ Ռ. ­Փի­րու­մեան կը ներ­կա­յաց­նէ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գրա­կա­նու­թեան մէջ» շար­քի եր­րորդ հա­տո­րը՝ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­տա­ցո­լու­մը գրա­կա­նու­թեան մէջ. երկ­րորդ սե­րուն­դի ար­ձա­գանգ­նե­րը» խո­րա­գի­րով:

«Ին­ծի հա­մար ա­մէն մէկ զոհ, ա­մէն մէկ վե­րապ­րած իր պատ­մու­թիւ­նը ու­նի, եւ այդ պատ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ ես ապ­րած եմ շատ եր­կար: ­Կը ցան­կամ նշել գիր­քէն բան մը իբ­րեւ պատ­գամ. այս ա­մէն ին­չով հան­դերձ` մե­զի հա­մար ար­գի­լո­ւած է, այ­սինքն` հնա­րա­ւոր չէ այդ ա­պա­քի­նու­մը:

Այդ պի­տա­կը հնա­րա­ւոր չէ նե­տել եւ լիա­կա­տար ազգ դառ­նալ, ապ­րիլ որ­պէս ազգ մեր ան­ցեա­լով, ներ­կա­յով եւ ա­պա­գա­յով»,- լրագ­րող­նե­րուն նշած է ­Ռու­բի­նա ­Փի­րու­մեան, ո­րուն «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գրա­կա­նու­թեան մէջ» շար­քին ե­րեք հա­տոր­նե­րը իւ­րօ­րի­նակ կեր­պով ցոյց կու տան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­կա­լու­մը տար­բեր սե­րունդ­նե­րու կող­մէ` սկսած վե­րապ­րած­նե­րէն մին­չեւ ա­նոնց յետ­նորդ­նե­րը: «Այս գիր­քը շատ հե­տաքրք­րա­կան է թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան, թէ՛ հո­գե­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէ եւ գրո­ւած է շատ լայն հա­յեաց­քով:

Այն մար­դը, որ փրկո­ւած է Ե­ղեռ­նէն, ոչ միայն կ­՛ար­տա­ցո­լէ ազ­գա­յին հայ­րե­նի­քի, այ­լեւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն իր կորսն­ցու­ցած տան գա­ղա­փա­րը: ­Յա­ջորդ սե­րուն­դին մէջ ար­դէն հայ­րե­նա­կան տան գա­ղա­փա­րը կը փո­խո­ւի կո­րու­սեալ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րի, ատ­կէ բա­ցի ո­րո­շա­կի շեր­տեր, գոյ­ներ կը մտնեն այս սե­րուն­դին մէջ:

­Գիր­քին մէջ շատ նուրբ կեր­պով վեր­լու­ծո­ւած է Ե­ղեռ­նի եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րը, եւ թէ ինչ­պէ՛ս ա­տոնք բե­կում կ­՛ա­ռա­ջաց­նեն ժա­ռան­գորդ­նե­րու ա­մէն մէկ սե­րուն­դի մէջ»,- գիր­քին վե­րա­բե­րեալ նման կար­ծիք յայտ­նած է գրա­կա­նու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Վար­դան ­Դեւ­րի­կեան:

Իսկ ­Վի­տա­լի Եան­կո­յի «­Խոս­տա­ցիր ինձ, ծո­վը վկայ» յու­շագ­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած ըն­տա­նի­քի մը ճա­կա­տա­գի­րը` գիր­քին հե­րո­սու­հի ­Նար­գիզ ­Ժամ­կո­չեա­նի յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ: ­Հե­ղի­նա­կը կը պատ­մէ, թէ ինչ­պէ՛ս ըն­տա­նի­քի մը ան­դամ­նե­րէն քա­նի հո­գին փրկո­ւած է այդ զար­հու­րե­լի դէպ­քե­րէն եւ ինչ­պէ՛ս ա­նոնք շա­րու­նա­կած են ապ­րիլ: