­altԿի­րա­կի՝ 3 ­Յու­լիս 2016ին, Այն­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գեալ Ս. ­Պօ­ղոս ե­կե­ղեց­ւոյ օ­ծու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ ու ձե­ռամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ս. ­Պօ­ղոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կան խոր­հուր­դին:

­Կի­րակ­նօ­րեայ պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեան` մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Միւ­ռոն Քհնյ. Ա­ւե­տի­սեա­նի: ­Յըն­թացս պա­տա­րա­գի՝ 18 կնքա­հայ­րե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան մաս­նակ­ցե­լու օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: Ա­նոնք ստանձ­նե­ցին 18 խա­չեր, ո­րոնք հեր­թա­բար օրհ­նո­ւե­ցան եւ օ­ծո­ւե­ցան ձե­ռամբ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեա­նի եւ ­Վա­րու­ժան Արք. ­Հեր­կե­լեա­նի, որ­մէ ետք ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը օրհ­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ սիւ­նե­րը:

Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Սր­բա­զան ­Հայ­րը տո­ւաւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը, ո­րուն մէջ ան ը­սաւ, թէ Ս. ­Պօ­ղոս ե­կե­ղե­ցին վե­րա­նո­րո­գո­ւած եւ բա­րե­զար­դո­ւած վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի շնոր­հիւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վի­ւին, բա­րե­րար­նե­րուն, թա­ղա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խա­տան­քին եւ ջան­քե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ զայն գոր­ծա­ծել իբ­րեւ սրբա­վայր` կեան­քի փո­թո­րիկ­նե­րուն դի­մաց:

Ան օրհ­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցա­կան եւ աշ­խար­հա­կան սպա­սա­ւոր­նե­րուն աշ­խա­տան­քը, ինչ­պէս նաեւ՝ բո­լոր նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յող­նե­րուն յի­շա­տա­կը, ո­րոնք աշ­խա­տած են ե­կե­ղեց­ւոյ եւ գիւ­ղի բա­րե­զարդ­ման հա­մար: Սր­բա­զան ­Հայ­րը փո­խան­ցեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հրա­ւի­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ ­Միւ­ռոն Քհնյ. Ա­ւե­տի­սեա­նը` ըն­թեր­ցե­լու ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի գնա­հա­տա­կան կոն­դա­կը` ուղ­ղո­ւած ­Նա­րեկ Ա. Քհնյ. Շ­րի­գեա­նին` անոր ու­նե­ցած ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր եւ ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար: