2 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 3:15ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող «Կիլիկիա» շէնքը։
Տեղւոյն բնակարանները, գործատեղիները, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցը նիւթական վնասներ կրեցին։ Զոհեր եւ վիրաւորներ չարձանագրուեցան, կը հաղորդէ «Գանձասար»ը։