ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիէն Կութէյրոնի միջեւ:
Վարչապետին ներկայացուցիչը Եգիպտոսէն ետք այցելած էր Լիբանան, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ քրիստոնեայ համայնքներու տեսակէտներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց իր տեսակէտը Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող շարժումներուն ու փոփոխութիւններուն նկատմամբ՝ յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վեհափառը ըսաւ. «Վարչակազմի փոփոխութիւնը պէտք չէ նկատել որպէս վախճանական նպատակ, այլ շօշափելի քայլ մը՝ դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող: Սակայն երբ ժողովրդավարութիւնը պիտի հիմնուի իսլամական բացարձակ սկզբունքներու վրայ, անիկա կրնայ լուրջ դժուարութիւններու դիմաց դնել քրիստոնեայ համայնքները»:
Յարգելով հանդերձ իսլամ մեծամասնութեան կրօնական սկզբունքները՝ վեհափառը յայտնեց, թէ անոնք պէտք չէ ըլլան ի հեճուկս քրիստոնեայ համայնքներու քաղաքական կեանքի ամբողջական մասնակցութեան: Այլ խօսքով, «ժողովրդավարական սկզբունքները ու անոնց վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգը պէտք է համահաւասար մօտեցում որդեգրէ բոլոր քաղաքացիներու պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն նկատմամբ», շեշտեց վեհափառը:
Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառը այս հանգրուանին կարեւոր նկատեց Եւրոպայի զօրակցութիւնը քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ պատմական, մշակութային ու կրօնական խորունկ կապեր գոյութիւն ունին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ Եւրոպայի միջեւ: «Ժամանակն է որ առանց միջամտելու շրջանի երկիրներու ներքին կեանքին, Եւրոպան լրջօրէն յիշեցնէ, թէ ժողովրդավարութեան ընթացքի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներու ներքին կեանքին՝ վեհափառը շեշտեց քրիստոնէական միասնականութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառին համաձայն, կարելի է այս նպատակին հասնիլ շարք մը բնագաւառներէ ներս գործակցութիւն յառաջացնելով եկեղեցիներուն միջեւ՝ շրջանի եկեղեցիներուն եւ անոնց սփիւռքին միջեւ յարաբերութիւնը դարձնելով աւելի կազմակերպ, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելով Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ Եւրոպական եկեղեցիներուն միջեւ:
Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին ու անոր ձեռք ձգած արդիւնքներուն:
Ապա ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին՝ Ալան Ժիւփէի վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութեան, ուր ան կ՛ըսէր, թէ Ֆրանսա պատրաստ է հայերէ ու թուրքերէ բաղկացած յանձնախումբ մը հիւրընկալելու, քննելու համար «1915ին պատահած ցաւալի դէպքերը»: Վեհափառը վարչապետի ներկայացուցչին յստակօրէն յայտնեց, թէ նախարարին սոյն յայտարարութիւնը մեծ վրդովում մը յառաջացուցած է մեր ժողովուրդին մօտ: «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ վերջին երեք նախագահները պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ երբ Ֆրանսայի նախագահը վերջերս Հայաստանի մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, նոյն երկրին նախարարը բոլորովին հակառակ յայտարարութիւն մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վարչապետին ներկայացուցիչը, պատասխանելով վեհափառի հարցումին՝ յիշեցուց, թէ ինք կը սպասէր այս հարցին արծարծումը վեհափառին կողմէ, եւ իր ամբողջական համակրանքը արտայայտելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ աւելցուց, թէ ճիշդ է որ Ֆրանսան Ցեղասպանութիւը ընդունած է, սակայն միւս կողմէ չի կրնար անտեսել Թուրքիոյ դերը շրջանէն ներս եւ անոր յարաբերութիւնը Եւրոպայի հետ: Այս նիւթին գծով վեհափառին եւ վարչապետի ներկայացուցիչին խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ. վեհափառը դարձեալ շեշտեց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:
Կութէյոն այցելեց Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն: