Հայաստան կատարած իր այցի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը ցոյց տուաւ, թէ «Հռոմի Պապերը ի՛նչ պէտք է ընեն` Չարը կոչելով իր անունով»: Այս մասին, ըստ News.amի, Boston Heraldի իր սիւնակին մէջ գրած է Ճոյ Ֆիջերալտ:
«Ցաւալի է, որ շատ առաջնորդներ նախկինին պէս կը խուսափին հետեւելէ անոր օրինակին»,- ընդգծած է սիւնակագիրը:
Հեղինակը կը պատմէ իր ընկեր Ճոն Պարոնեանի մասին, որուն մայրը վերապրած է Ցեղասպանութենէն եւ տեղափոխուած Ամերիկա:
Ան պատմած է իր պատմութիւնը՝ աւելցնելով, որ երբ Ֆրանչիսկոս Պապը այդ դէպքերը անուանած է «ցեղասպանութիւն», ատով «առաջ բերած է թուրք ժխտողներուն ցասումը, որոնք կը պնդեն, թէ նման բան տեղի չէ ունեցած»: «Իր մահանալուն օրը Ճոն կ՚երազէր, որ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գնահատէ իր մօր արցունքները` չարը անուանելով իր անունով»,- կը գրէ հեղինակը։