Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱտր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, ­Ռու­սիոյ Կ­րաս­նո­տա­րի շրջա­նի հայ հա­մայն­քը շտա­պեց օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին: ­Ցու­ցա­բե­րուած օգ­նու­թիւ­նը` շուրջ 30 թոն, սննդամ­թեր­քի, կեն­ցա­ղա­

յին ապ­րանք­նե­րու տես­քով ե­ղած է:

Օ­րեր ա­ռաջ հա­մայն­քը հան­դէս ե­կած է մէկ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ո­րուն մա­սին «­Հա­յերն Այ­սօր»ին հետ զրոյ­ցին՝ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց Կ­րաս­նո­տա­րի հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար ­Ռազ­միկ ­Գէոր­գեան.-
«Կ­րաս­նո­տա­րի հայ հա­մայն­քին կող­մէ սա ար­դէն երկ­րորդ օգ­նու­թիւնն է Ար­ցա­խին: Այս ան­գամ եր­կու շտապ օգ­նու­թեան մե­քե­նայ բե­րինք` յա­գե­ցած բժշկա­կան գեր-ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րով, ո­րոնց մի­ջո­ցով կա­րե­լի է մե­քե­նա­յին մէջ ար­դէն անհ­րա­ժեշտ օգ­նու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րել, նոյ­նիսկ` վի­րա­հա­տու­թիւն կա­տա­րել:

­Բե­րած ենք նաեւ հինգ սառ­նա­րան` պա­հուս­տա­յին ա­րիւն պա­հե­լու հա­մար: Ի դէպ, շտապ օգ­նու­թեան մե­քե­նա­ներն ու սառ­նա­րան­նե­րը ­Մու­րա­ցա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին յանձ­նած ենք, իսկ հա­մա­պա­տաս­խան սար­քե­րը տրա­մադ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պար­զած ենք հի­ւան­դա­նո­ցի տնօ­րի­նու­թեան հետ քննարկ­ման ար­դիւն­քով»:

­Ռազ­միկ ­Գէոր­գեան ցու­ցա­բե­րած օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը շատ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէ եւ բարձր կը գնա­հա­տէ՝ այն պատ­ճա­ռով, որ այն Կ­րաս­նո­տա­րի հայ հա­մայն­քի հա­մախմ­բո­ւած աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած է: