Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԿաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանսիսկոս Պապը կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն՝ աղօթելու Հայաստան կատարելիք իր այցելութեան համար: Այս լուրը հաղորդած է ansa.it:

 

 

«Կը խնդրեմ աղօթէք ինծի համար. ես քանի մը օրէն ուխտագնացութեան պիտի երթամ արեւելեան երկիր մը՝ Հայաստան, ժողովուրդներէն առաջինը, որ ստացաւ Յիսուսի Աւետարանը»,- ըսած է Ս. Պապը՝ «Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան կազմակերպութիւններու վերամիաւորում» (ROACO) կազմակերպութեան լսարանին:
Պապին ընկերակցող Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու միաբանութեան վերատեսուչ, Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի ըսած է, որ այս այցելութիւնը իւրայատուկ քայլ է՝ արտայայտելու հիացմունքը եւ նուիրուածութիւնը հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ հանդէպ: Ան այս միտքը արտայայտած է իտալական «Lastampa»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Կը կարծեմ, որ այս այցելութիւնը նախ եւ առաջ հիացմունքի արտայայտման շարժառիթ է այն հին եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է Յիսուս Քրիստոսին, ինչպէս նաեւ երկրի հանդէպ ունեցած նուիրուածութեան արտայայտութեան քայլ է. այն երկրին, որ դարձաւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Ս. Պապը իր երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը պիտի արտայայտէ այն ժողովուրդին հանդէպ, որ կազմաւորուած է քրիստոնէական ոգիով եւ կրցած է պահպանել իր հաւատքն ու ինքնութիւնը դարեր շարունակ: Այս այցելութիւնը նաեւ շատ կարեւոր է Սփիւռքի հայերուն համար»,- յայտնած է  Կարտինալը:
Անոր համաձայն՝ իրեն հիացում կը պատճառէ այն իրականութիւնը, որ հայերը պատմութեան իւրաքանչիւր իրադարձութիւն յաղթահարած են քրիստոնէական ոգիով: «Ազատութեան թէ տառապանքի պահուն, անոնք կրցած են այդ ոգիով առաջնորդուիլ: Այդ հաւատքը Հայաստանի ուժն է, որ կարելիութիւն տուաւ այդ քրիստոնեայ համայնքին՝ յաղթահարելու 20րդ դարու սարսափելի դժբախտութիւնները, որոնք կը վերաբերին 1,5 միլիոն քրիստոնեայ հայերուն: Այս ցաւալի իրադարձութիւններուն ձգած հետքը անջնջելի է»,- յայտնած է Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

Ղարաբաղի մասին հարցումի մը
պատասխանելով

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին վրայ Պապին այցելութեան ազդեցութեան վերաբերող հարցումի մը ի պատասխան՝ Կարտինալը նշած է, որ կը հաւատայ, թէ այս այցելութիւնը նաեւ կարելիութիւն պիտի ըլլայ կոչ ուղղելու մարդկութեան եւ խրախուսելու զայն՝ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու ամրապնդման կառչելու: «Մերժել բռնութիւնը, ահռելի ցաւ պատճառող զէնքի օգտագործումը եւ յամառօրէն պայքարիլ խաղաղութեան հաստատման համար՝ դիւանագիտութեան, երկխօսութեան, հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու միջոցով. ես կը հաւատամ, որ այս այցելութեան ընթացքին խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Կովկասը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ դարձնելու կոչ պիտի ուղղուի»,- ընդգծած է Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:
Իսկ Հռոմի Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութութիւններուն անդրադառնալով՝ Կարտինալը բարեկամական բնորոշումը տուած է անոնց։ «Կը կարծեմ, թէ Հռոմի Պապին այցելութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ երկու եկեղեցիներուն կապերը՝ հիմնուելով եղբայրութեան, ընկերութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան վրայ, ինչ որ պիտի առաջնորդէ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: Կ’ենթադրեմ, որ այցելութեան ընթացքին պիտի պատրաստուի «ընդհանուր հռչակագիր» մը, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ փափաքն ու կամքը՝ կառուցելու աւելի եղբայրական յարաբերութիւններ»,- եզրափակած է Կարտինալ Լ. Սանտրի:
Հայաստանեան խորապատկերին վրայ, «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տեղեկատուական համակարգի պատասխանատու Յովսէփ քահանայ Գալստեան յայտնած է, որ Պապին մատուցելիք պատարագին մասնակցելու համար 15 հազար քաղաքացի արձանագրուած է։
«Հրապարակի կենտրոնական հատուածը բաժանուելու է 5 սեկցիաների (բաժիններ) ու ամբողջ տարածքը արգելապատնէշուելու է: Դրանից ներս նստելու են նրանք, ովքեր արդէն ձեռք են բերել հրաւիրատոմսերը, իսկ միւսները կարող են արգելապատնէշներից այն կողմից հետեւել՝ ինչ կատարւում է խորանի վրայ»,- յայտնած է Յովսէփ Քահանայ Գալստեան՝ նշելով, որ նաեւ պիտի տեղադրուին հսկայ պաստառներ:
Խորանի տեղադրման աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Անոր երկարութիւնը 26 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 12:
«Գագաթին խաչ է դրուած լինելու, մէջտեղում՝ սեղան: Պատարագը լինելու է լատինական ծէսի նման»,- բացատրած է ան՝ նշելով, որ խորանին դիմաց պիտի զետեղուին սահմանափակ թիւով նստարաններ:

Ս. Պապին Հայաստան այցելութեան ժամանակացոյցը եւ արարողակարգը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եկեղեցւոյ զաւակները կը հրաւիրէ 24 Յունիսին մասնակցելու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապի բարի գալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 15:35ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Այս մասին տեղեկացուցած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական բաժանմունքը՝ նշելով, որ մուտքը ազատ է:
«Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրը կրող Պապին այցելութիւնը պիտի սկսի նախագահական նստավայրէն: Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին. Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Ս. Պապը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսիսկոս Պապին եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հանդիպումով:
25 Յունիսի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Հոնկէ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, Ս. Պապը պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Գիւմրիի մէջ Ս. Պապը նաեւ պիտի այցելէ «Անարատ Յղութեան» հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստան» կուսաստան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Շիրակի  առաջնորդանիստ Եօթն Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Մայր Տաճար: Երեկոյեան, Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի պիտի ունենայ էքիւմենիք արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք:
26 Յունիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան եւ էքիւմենիք ճաշկերոյթին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա՝ Պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ  բարերարներուն հետ:
Ֆրանսիսկոս Պապը եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ: Նոյն օրը, Պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ: