Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՍեպտեմբեր 11, 2001էն ետք Ամերիկայի տարածքին ահաբեկչական ամէնէն սահմրկեցուցիչ յարձակումը, տեղի ունեցաւ

Օրլանտօ քաղաքի միասեռականներու հաւաքավայր զուարճութեան վայրէ մը ներս, ուր զինեալ մը յարձակում գործեց, 50 հոգի սպաննելով ու  տասնեակ վիրաւորներ յառաջացնելով:
Ամերիկեան իշխանութիւնները եւ FBI կը քննեն ահաբեկիչ Օմար Սինտիքի Մաթինի կապերը Իսլամական Պետութեան հետ, այսուհանդերձ առանձին ահաբեկչական արարք նկատելով յարձակումը, որու դրդապատճառները համասեռականներու դէմ թշնամական զգացումներէ յառաջ եկած են եւ կապ չունին Իսլամական Պետութեան հետ: Ըստ միջազգային մամուլի լայն գնահատականներու՝ «Հոգեբանական պատերազմի» թուղթն է, որ կը խաղայ Իսլամական Պետութիւնը, որ փութաց արարքի  պատասխանատուութիւնը վերցնելու, նպատակ ունենալով վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել ԱՄՆի մէջ: Մեկուսացած արարքը իւրացնելու ճիհատիստներու փորձը, յաջողեցաւ մտահոգութիւններ յառաջացնել Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, ուր ընկերութիւնները նոր յարձակումներու սպառնալիքին տակ կը գտնուին:

Պետութիւններու առաջնորդները զօրակցութիւն կը յայտնեն ամերիկացի ժողովուրդին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենչի եւ աշխարհի պետութիւններու մնացեալ առաջնորդները, իրենց զայրոյթն ու խոր մտահոգութիւնը արտայայտած են Օրլանտոյի մէջ ահաբեկչական յարձակումին առիթով, անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով ամերիկացի ժողովուրդին:
Հռոմէոկաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ֆրանչիսքոս Պապը, դատապարտանքի ու վշտի իր խոր զգացումները յայտնեց, ահաբեկչական յարձակումը դիտելով, որպէս խելագար ատելութեան ցնցող երեւոյթ:
ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա յարձակումը իւրաքանչիւր ամերիկացի քաղաքացիի դէմ յարձակում բնորոշեց, յայտնելով թէ FBI կը շարունակէ քննութիւնները, բացայայտելու համար ահաբեկչական արարքի բոլոր մանրամասնութիւնները: Նախագահը յայտնեց թէ ամերիկեան իշխանութիւնները առայժմ չեն յստակացուցած ահաբեկիչի իսկական դրդապատճառները: