Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԳերմանիոյ ոստիկանութիւնը խստացուցած է Պունտեսթակի (Գերմանիոյ խորհրդարանի) թրքական ծագում ունեցող 11

պատգամաւորներու պաշտպանութեան պայմանները: Պատճառը՝ Հայոց Ցեղաասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն ետք, անոնց նկատմամբ կատարուած սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու լարուած մթնոլորտը: Ինչպէս կը հաղորդեն գերմանական թերթերը, Պերլինի ոստիկանութիւնը այս որոշման յանգած է պատգամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումներէ ետք, ուր յայտնի դարձած է իրենց դէմ ուղղուած սադրանքներու լայն ծաւալը:
Յատկապէս Ճէմ Օզտէմիրի տան շուրջ հսկողութիւն կատարող ոստիկաններու թիւը՝ կրկնապատկուած է:
Deutsche Welle լրատուականը հաղորդած է, թէ Գերմանիոյ կառավարութեան փախստականներու հարցերու նախարար Այտան Օզօղուզը Գերմանիոյ թրքական ընկերութիւններուն յորդորած է յստակ դիրքորոշում ցուցաբերել՝ ընդդէմ թրքական ծագում ունեցող պատգամաւորներու դէմ սադրանքներուն: «Մենք կ'ակնկալենք, որ Գերմանիոյ թրքական կազմակերպութիւնները բացայայտ կերպով քննադատեն պատգամաւորներու դէմ ուղղուած սպառնալիքները: Արդէն ամէն մարդ պէտք է հասկնայ, որ մենք տէր կը կանգնինք մեր ծագման, սակայն մենք՝ Թուրքիոյ հոս հասնող ձեռքը չենք» ըսած է Օզողուզը:
Իսկ Ձախերու կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւիմ Ղաղդելտենը՝ Bid am Sonntag պարբերականին խօսելով, անհրաժեշտ համարած է, որ արգիլուի Էրտողանի մուտքը Գերմանիա: «Պէտք է արգիլել՝ Գերմանիոյ պատգամաւորներուն դէմ բռնութեան դիմելու կոչերով հանդէս եկող անձին մուտքը Գերմանիա»,-  ըսած է ան:


«Թուրքիոյ մէջ մեզ խորապէս մտահոգող զարգացումներ կան»,- կ'ըսէ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն, գերմանական «Ֆիլթ ամ Զոնթակ» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, քննադատեց Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը՝ նշելով.- «Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին զարգացումներ, ինչպէս՝ մամլոյ ազատութեանց սահմանափակումներ, մարդկային իրաւանց ու փոքրամասնութեանց վարկաբեկումներ կամ խորհրդարանականներու հետ վարուելակերպը, որոնք մեզ խորապէս կը մտահոգեն»:
«Գործընկերութիւնը պէտք է դիմանայ փոխադարձ քննադատութիւններուն, եւ ատոր մէջ գոյութիւն ունի տարակարծութիւնը հանդուր-ժելու կարողութիւնը»,- յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ տեղահանուածները հիւրընկալելու Թուրքիոյ քայլերը:
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը իր կարգին հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն,  Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական հակազդեցութիւններէն ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք երեսփոխաններուն յորդորած է Թուրքիա չայցելել: Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Թուրքիա այցելող երեսփոխաններուն անվտանգութիւնը չի կրնար երաշխաւորել:

«Թուրքիան երբեք պիտի չընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Հապերեանքի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրմ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ չկայ դէպք մը, որմէ իրենք ամչնան, եւ Պունտեսթակի որդեգրածին նման Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ որդեգրող երկիրներուն խորհուրդ տուած է սեփական պատմութեան եւ կատարած կոտորածներուն նայիլ: Ան Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումը անուղղակիօրէն կապած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան գործունէութեան: «Ինչպիսի՛ զուգադիպութիւն՝ երբ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կը հանդիպի օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն ազատելու համար, Թուրքիոյ հիմնական դաշնակից Գերմանիոյ մէջ խոր-հըրդարանը կ՛որդեգրէ հայկական ազգայնամոլական լոպիին բանաձեւը», ըսած է Եըլտըրըմ: Ըստ անոր, «որդեգրուած որոշումը սխալ է, թուրք ժողովուրդին անցեալը յայտնի է: Այս ժողովուրդը ոչ մէկէն հրաման ստացած է, ոչ մէկու դիմաց խոնարհած է: Մենք կը գործադրենք այն, ինչ որ մեր ժողովուրդը կը փափաքի», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը: