Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթ խստօրէն զգուշացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Պունտեսթակի թուրք երեսփոխաններուն սպառնալուն առիթով: Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»ի՝ Պերլինի մէջ
մեծ արձագանգ գտած է Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք երեսփոխաններու հասցէին Էրտողանի հնչեցուցած «փճացած արիւն ունին» յայտարարութիւնը: «Տէօչէ Վելլէ»ի թրքական ծառայութեան համաձայն՝ Լամերթ այսպէս արձագանգած է.- «Ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ, եթէ ոեւէ մէկը փորձէ ճնշում գործադրել երեսփոխաններուն վրայ, թող գիտակցի, թէ յարձակած պիտի ըլլայ ամբողջ խորհրդարանին եւ մեր ժողովրդավարութեան վրայ: Իսկ մենք այս իրավիճակին պիտի պատասխանենք մեր ներկայ օրէնքներուն կարելիութեանց ծիրին մէջ»: