Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւի որդեգրումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն 8 Յունիսին Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ «իրաւա
սու գերատեսչութիւնները եւ նախ եւ առաջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստեն Գերմանիոյ դէմ ծրագիր մը գործողութիւններու, որոնք պիտի հրապարակուին Թուրքիոյ վարչապետին եւ նախագահին կողմէ քննարկուելէ ետք»:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական հեղինակաւոր «Պիլտ» օրաթերթին յայտնի դարձած է, որ իբրեւ «պատասխան միջոցառումներ»ու՝ Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին դատի տալ Պունտեսթակի այն 11 թուրք երեսփոխանները, որոնք քուէարկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին օգտին:
«Պիլտ» յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին առնուազն երեք դատական հայցեր՝ Պունտեսթակի թուրք երեսփոխաններուն դէմ: Երկու հայցեր կը պատրաստեն թրքական ոստիկանութեան միութիւնները, իսկ երրորդը` Թրքական իրաւաբաններու միութիւնը: Այդ միութիւնները արդէն դիմում ներկայացուցած են դատախազութեան:
Հայցերու համար իբրեւ իրաւական հիմք կը ծառայէ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածը, որուն համաձայն՝ թուրք ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, խորհրդարանը, կառավարութիւնը եւ պետական արդարադատութեան մարմինները հրապարակային կերպով վարկաբեկողը կը դատապարտուի 6 ամիսէն մինչեւ երկու տարի բանտարկութեան:
Ըստ գերմանական օրաթերթին՝ ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ թրքական դատարանը Պունտեսթակի թուրք երեսփոխանները մեղաւոր նկատէ, ապա Թուրքիա երթալու պարագային անոնք կրնան ձերբակալուիլ եւ բանտարկուիլ:
Պրիւքսէլ բազմիցս քննադատած էր Անգարան Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածին առնչութեամբ եւ զայն, խոչընդոտ նկատելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար, խորհուրդ տուած էր ջնջելու մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն հակասող այդ յօդուածը, իսկ Եւրոպային հաճոյանալու համար Էրտողան բազմիցս յայտարարած էր, որ յիշեալ յօդուածը այլեւս չի կիրարկուիր Թուրքիոյ մէջ: