Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՏե­սա­կան ու կի­րա­ռա­կան տար­րա­բա­նու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին միու­թիւն­նե­րը ­Յու­նիս 8ին միաս­նա­բար յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ ան­ցեալ ­Յու­նո­ւա­րին հաս­տա­տո­ւած քի­միա­կան չորս նոր տար­րե­րուն ա­նուն­նե­րը ո­րո­շո­ւած են ար­դէն, եւ թէ ա­նոնց­մէ մէ­կը պի­

տի կո­չո­ւի հայ տար­րա­բան Եու­րի ­Յով­հան­նի­սեա­նի ա­նու­նով։

Եու­րի ­Յով­հան­նի­սեան հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բա­ւի տէր հիւ­լէա­կան բնա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ մըն է, որ մեծ ներդ­րում ու­նի գեր-ծանր քի­միա­կան տար­րե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու եւ ու­սում­նա­սի­րե­լու գոր­ծին մէջ։ Ան կը հան­դի­սա­նայ միայն երկ­րորդ գիտ­նա­կա­նը, ո­րուն ող­ջու­թեան իր ա­նու­նով կը մկրտո­ւի քի­միա­կան նոր տարր մը՝ թիւ 118ը, որ Օ­կա­նէ­սոն (Og) պի­տի կո­չո­ւի։

Օ­կա­նէ­սոն ցարդ յայտ­նա­բե­րո­ւած ա­մե­նա­ծանր տար­րը կը հան­դի­սա­նայ։ ­Յայտ­նա­բե­րո­ւած քի­միա­կան միւս նոր տար­րերն են՝ ­Նի­հո­նիում (ի պա­տիւ ­Ճա­փո­նի), ­Մոս­կո­վիում (ի պա­տիւ ­Մոս­կո­ւա­յի) եւ ­Թե­նո­սին (ի պա­տիւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Թե­նը­սի նա­հան­գին)։ Ն­շեալ ե­րեք տար­րե­րը այդ վայ­րե­րուն ա­նու­նով ա­նուա­նա­կո­չո­ւած են, ո­րով­հե­տեւ հոն կա­տարուած են տար­րե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու փոր­ձե­րը։ Եու­րի ­Յով­հան­նի­սեան ծնած է 1933ին, ­Տո­նի ­Ռոս­թով։