Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԳեր­մա­նիան հա­կա­դար­ձած է ­Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն յե­տոյ ­Թուր­քիոյ մէջ բարձ­րա­ցած վի­րա­ւո­րանք­նե­րու

եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու ա­լի­քին: Վ­կա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան «Haberler.com» լրա­տո­ւա­կան կայ­քին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ ­Յու­նիս 6ին ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մա­մու­լի խօս­նակ Շ­թե­ֆըն ­Զայ­պըրդ դա­տա­պար­տած է գեր­մա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու վե­րա­բե­րեալ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը:

­Յի­շեց­նենք, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի բա­նա­ձե­ւին կողմ քո­ւէար­կած թրքա­կան ծա­գու­մով 11 գեր­մա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու մա­սին Էր­տո­ղա­նը յայ­տա­րա­րած էր, որ դեռ պէտք է ստու­գել ա­նոնց ա­րիւ­նը` պար­զե­լու հա­մար, թէ որ­քա­նո՞վ ա­նոնք թուրք են ի­րա­կա­նու­թեան մէջ:

«Ակն­յայտ է, թէ ո­րո՞ւ խօս­նակ­ներն են ա­նոնք: Ա­նոնք այս երկ­րին մէջ գոր­ծող ան­ջա­տո­ղա­կան, ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ճիւ­ղա­ւո­րում­ներն են ­Գեր­մա­նիոյ մէջ»,- ը­սած էր Էր­տո­ղան: «­Մե­զի հա­մար ոչ մէկ կեր­պով ըն­դու­նե­լի է, որ ­Թուր­քիա­յէն հնչող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րոշ պատ­գա­մա­ւոր­ներ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին իբ­րեւ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­րող ան­ձեր»,- յայ­տա­րա­րած է ­Զայ­պըրդ:

Իսկ դաշ­նա­յին խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Նոր­պըրթ ­Լա­մերթ գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծած է` դա­տա­պար­տե­լով թրքա­կան ծա­գու­մով պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու դէմ հա­սա­րա­կա­կան ցան­ցե­րու մէջ տա­րա­ծո­ւած վի­րա­ւո­րանք­ներն ու մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­նե­րը: «Ե­թէ ո­րե­ւէ մէ­կը փոր­ձէ ճնշում գոր­ծադ­րել ոե­ւէ պատ­գա­մա­ւո­րի վրայ, պէտք է գիտ­նայ, որ այդ­պի­սով յար­ձա­կում կը գոր­ծէ մեր ողջ խորհրդա­րա­նին եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վրայ: Ն­ման պա­րա­գա­յի մենք ալ օ­րէն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ անհ­րա­ժեշտ պա­տաս­խան քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կենք»,- ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: