Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ, անդրադառնալով Սուրիոյ խորհրդարանի սահմանադրական երկրորդ նստաշրջանի առաջին նիստին, շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը անգամ մը եւս զարմացուց աշխարհը` աննախադէպ մասնակցութիւն բերելով Սուրիոյ խորհրդարա
նական ընտրութիւններուն, ընտրելով իր ներկայացուցիչներն ու աշխարհին պատգամելով, թէ որքան ծաւալին Սուրիոյ վրայ բանեցուած ճնշումները, Սուրիոյ ժողովուրդը այնքան աւելի ամուր պիտի կառագրէ «Գանձասար»։
Նախագահը ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ մեր պատերազմը կը շարունակուի ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք հակամէտ ենք պատերազմին, այս պարագային` մեզի պարտադրուած պատերազմին, այլ այն համոզումով, որ արիւնահեղութիւնը կանգ պիտի չառնէ, եթէ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ չըլլայ: Ապա՝ Ասատ աւելցուց.- «Այնպէս, ինչպէս ահաբեկիչներուն ձեռքէն ազատագրեցինք Փալմիրը, պիտի ազատագրենք Սուրիոյ հողի իւրաքանչիւր թիզ:
Մենք յաղթանակէն բացի այլընտրանք չունինք, այլապէս ո՛չ Սուրիան կը գոյատեւէ, ոչ ալ մեր սերունդները ապագայ կ՛ունենան մեր հայրենիքին մէջ»: Նախագահը կոչ ուղղեց զանազան պատճառներով զէնք վերցուցած սուրիացիներուն` վար առնելու իրենց զէնքերն ու մասնակցելու տարիներ առաջ սկսած եւ թափ առած ազգային հաշտութեան գործընթացին:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող եւ Հալէպը հրթիռակոծող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն՝ նախագահը հաստատեց.- «Էրտողանի Ֆաշիստական վարչակարգը կը ծանրանայ Հալէպի վրայ, որովհետեւ Հալէպը Էրտողանի ծայրայեղ Իսլամ Եղբայրականներու համիսլամական ծրագրի իրականացման վերջին յոյսն է, սակայն Հալէպի մէջ պիտի գերեզմանուին այդ դահիճին երազներն ու յոյսերը»: