Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱ­մե­րի­կա­հայ մե­ծա­հա­րուստ ­Քե­րո­լին ­Ռա­ֆա­յէ­լեան ընդգր­կո­ւած է Forbesի աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ՝ ինք­նու­րոյն կա­յա­ցած կա­նանց ցու­ցա­կին մէջ, զբա­ղեց­նե­լով 22րդ ­տե­ղը:

Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մենփ­րես», ­Քե­րո­լի­նի կա­րո­ղու­թիւ­նը կը գնա­հատո­ւի 700 մի­լիոն տո­լար: Ան ոս­կեր­չու­թեան մար­զին մէջ ա­ռա­ջինն է - Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն ներս - ինք­նու­րոյն կա­յա­ցած ա­մե­նա­հա­րուստ կա­նանց շրջա­նա­կին մէջ:

2004 թուա­կա­նին ան հիմ­նած է «Alex and Ani» ոս­կեր­չա­կան զար­դե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը` ա­նո­ւա­նե­լով զայն իր եր­կու դուստ­րե­րուն ա­նուն­նե­րով:

­Զար­դե­րուն ար­ժէ­քը ցած պա­հե­լու նպա­տա­կով ըն­կե­րու­թիւ­նը կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ վե­րամ­շա­կո­ւած նիւ­թեր: «Alex and Ani» ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ու­նի 65 խա­նութ: ­Մին­չեւ 2015 թուա­կա­նը ըն­կե­րու­թեան վա­ճառ­քը հա­սած է 500 մի­լիոն տո­լա­րի:

Forbesի աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ ինք­նու­րոյն կա­յա­ցած կա­նանց ցու­ցա­կը կը գլխա­ւո­րեն ­Տա­յան ­Հենդ­րիք­սը (4,9 մի­լիառ տո­լար), Օփ­րայ Ո­ւինֆ­րին (3,2 մի­լիառ տո­լար) եւ ­Ճու­տի ­Ֆոլք­նը­րը (2,4 մի­լիառ տո­լար):