Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՄե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մուն­քը կը հա­ղոր­դէ, թէ «Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կը շա­րու­նա­կէ մօ­տէն հե­տաքրք­րո­ւիլ ­Սու­րիոյ ան­ցու­դար­ձե­րով, մաս­նա­ւո­րա­բար հայ հա­մայն­քին դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով:

Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան հա­մար իր հաս­տա­տած հիմ­նադ­րա­մին ճամ­բով ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ սու­րիա­հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն:

«Անց­նող քա­նի մը օ­րե­րուն ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հե­ռա­ձայ­նա­յին մնա­յուն կա­պի մէջ ե­ղաւ ­Բե­րիոյ ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Սր­բա­զա­նին հետ եւ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ­Հա­լէ­պի մէջ տի­րող ա­պա­հո­վա­կան կա­ցու­թեան` ու­րա­խու­թեամբ հաս­տա­տե­լով, որ հա­կա­ռակ տի­րող ա­նա­պա­հով պայ­ման­նե­րուն, ­Հա­լէ­պի հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ հաս­տա­տեց, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը եւ հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն են մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեա­յին մէջ»:

­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մուն­քը կը յայտ­նէ նաեւ, թէ «ո­րոշ չա­փով ­Հա­լէ­պի հա­յու­թեան թի­ւը նո­ւա­զած է, սա­կայն կա­րե­ւոր թի­ւով հա­յեր ի­րենց բնա­կու­թիւ­նը հաս­տա­տած են ­Լա­թա­քիոյ, ­Թար­թու­սի, ­Քե­սա­պի եւ ­Սու­րիոյ ծո­վե­զե­րեայ շրջան­նե­րուն մէջ: Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը աշ­խա­տան­քի լծո­ւած է յի­շեալ շրջան­նե­րուն մէջ եւ կը հե­տե­ւի ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ա­ռա­ւել կազ­մա­կերպ­ման»:

Այս ա­ռի­թով, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կ­՛ու­զէ յի­շեց­նել ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: «­Ճիշդ է, որ մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ ու­նինք այլ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ, սա­կայն ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը մնայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ու ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն: ­Հե­տե­ւա­բար, պէտք է շա­րու­նա­կել զօ­րակ­ցիլ ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան»,- կը շեշ­տէ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը: