Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Պա­տա­հա­կա­նու­թիւն չի կրնար ըլ­լալ, ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նու­մէն ետք, ­Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղե­րուն բուռն ռմբա­կո­ծու­թեան տակ առ­նո­ւի­լը: NEWS.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նման կար­ծիք յայտ­նած է թրքա­գէտ Անդ­րա­նիկ Իս­պի­րեան:

Թր­քա­գէ­տին խօս­քով` ­Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տու­թեան սկսե­լէն ետք ­Թուր­քիան իր կող­մէ ֆի­նա­նա­սա­ւո­րո­ւող ու ղե­կա­վա­րո­ւող ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը կ­՛ուղ­ղոր­դէ յա­տուկ թի­րախ դարձ­նե­լու ­Սու­րիոյ հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րը: Իս­պի­րեան յի­շա­տա­կած է 2014 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24էն 2 օր ա­ռաջ ­Տէր ­Զօ­րի Սր­բոց ­Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­թե­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ­Քե­սա­պի դէմ յար­ձա­կու­մը, երբ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ա­նար­գել ա­հա­բե­կիչ­նե­րը զի­նամ­թեր­քով մտան հա­յաբ­նակ ­Քե­սապ:

«­Պուն­տես­թա­կի յայտ­նի բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մից յե­տոյ ­Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղե­րը սկսե­ցին ին­տեն­սիւ (բուռն) ռմբա­կո­ծու­թեան են­թար­կո­ւել, ին­չի հե­տե­ւան­քով ար­դէն կան 4 զոհ: ­Սի­րիա­հայ հա­մայն­քը սա կա­պում է ­Պուն­տես­թա­կի ո­րոշ­ման հետ: Ի հար­կէ, այս­տեղ պա­տա­հա­կա­նու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը շատ քիչ է: ­Թուր­քիան փոր­ձեց ­Գեր­մա­նիա­յում իր պար­տու­թեան դի­մաց վնա­սել ­Հա­լէ­պի հա­յու­թեա­նը:

«­Գաղտ­նիք չէ, որ ­Սի­րիա­յում գտնո­ւող բազ­մա­թիւ խմբա­ւո­րում­ներ կազ­մա­ւո­րո­ւել, զի­նո­ւել ու ֆի­նան­սա­ւոր­ւում են ­Թուր­քիա­յի կող­մից: ­Սա ա­պա­ցու­ցո­ւած փաստ է եւ այդ խմբա­ւո­րում­նե­րում մեծ թո­ւով ­Թուր­քիա­յի քա­ղա­քա­ցի­ներ են կռւում, իսկ նրանց ուղ­ղոր­դումն էլ հէնց Ան­գա­րա­յից է, ուս­տի՝ ­Պուն­տես­թա­գի ո­րո­շու­մից յե­տոյ հայ­կա­կան թա­ղե­րի հրթի­ռա­կո­ծու­թիւ­նը ուղ­ղոր­դո­ւել է հէնց ­Թուր­քիա­յի կող­մից»,- ը­սած է Իս­պի­րեան:

Ն­շենք, որ ­Յու­նիս 2ին ­Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղե­րու ուղ­ղու­թեամբ սկսած հրթի­ռա­կո­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով, բա­ցի 4 զո­հե­րէ, վնա­սո­ւած են «­Զո­ւարթ­նոց» ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնո­ւող հայ­կա­կան դպրո­ցը, ինչ­պէս նաեւ այլ շի­նու­թիւն­ներ։